Ժոմպլաթ. «Չենք Փափաքիր Ամուլ Բանավէճի Մասնակից Դառնալ Մարտ 8-ի Կարգ Մը Ուժերուն Հետ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը չի փափաքիր ամուլ բանավէճի մասնակից դառնալ Մարտ 8-ի քաղաքական կարգ մը ուժերուն հետ, որոնք կ՛առաջնորդուին կասկածամտութեան եւ դիմացինը դաւաճանութեամբ ամբաստանելու սկզբունքներով:

«Այս ուժերէն ոմանք հրթիռային կարգ մը սպառնալիքներ արձակած են, իսկ մենք կը մերժենք պատասխանել անոնց` նկատի ունենալով, որ անոնք արձակուած են հիւանդագին մտայնութեամբ», ըսաւ ան:

«Անպա»-ի մէջ լոյս տեսած իր շաբաթական յօդուածին շրջագիծին մէջ, Ժոմպլաթ դարձեալ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ հիմնուած է 8 – 8 – 8 տարազին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ տարազին համաձայն է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի` առանց որոշումներ կամ աշխատանքներ արգելակելու հոգեբանութեան:

Ժոմպլաթ մերժեց մագլցողական քայլերու դիմելու տրամադրութիւնները եւ խորհուրդ տուաւ համբերատար ու հանդարտ ըլլալու:

Առանց անունը նշելու` Ժոմպլաթ պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ըսաւ, որ իրենք կը մաղթէին, որ լիբանանցի ղեկավար մը իր կեցուածքներուն մէջ զօրակցութիւն յայտնէր հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնները մտերմիկ էին եւ ընթացած անկեղծ մթնոլորտի մէջ:

Ան հաստատեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, եւ սէուտական կողմին մօտ շօշափած է Լիբանանի ազգային միասնականութեան, ապահովական կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու յանձնառութիւն:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` դատապարտելով Ռէյհանիյէի պայթումները եւ ցաւ յայտնելով անոնց պատճառած զոհերուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES