Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին «Փեկասիւս»-ի Դիմաց
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պըրժ Մըրի մօտակայքը գտնուող «Փեկասիւս» թրքական օդանաւային ընկերութեան դիմաց` պահանջելով ազատ արձակել իրենց հարազատները:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ այդ ցոյցով իրենք ճնշում կը բանեցնեն Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ, որպէսզի ան յաւելեալ աշխատանք ի գործ դնէ` ազատ արձակելու համար իրենց հարազատները:
Առեւանգուածներուն հարազատները բարձրացուցին պաստառներ, որոնց մէջ կը դատապարտուէր իրենց նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն ցուցաբերած վարուելակերպը:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին բարձրացան նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդ եպիսկոպոսներուն պատկերները եւ պահանջուեցաւ նաեւ անոնց ազատ արձակումը:
Առեւանգուած լիբանանցի Ապպաս Շաայպի եղբայրը` Տանիէլ Շաայպ յայտնեց, որ իրենք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած են ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելէն, որ իրենցմէ խնդրած է քանի մը օրուան ժամանակ ընծայել` ամբողջացնել կարենալու համար իրենց հարազատները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
Տանիէլ Շաայպ յայտնեց, որ իրենք հաւանութիւն յայտնած են այդ պահանջին:
Տանիէլ Շաայպ աւելցուց նաեւ, որ առեւանգուածներուն հարազատները որոշած էին փակել Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան, սակայն անոնք հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ստացած են ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմէն, որ յայտնած է, թէ այդ ճամբան կարելի չէ փակել:

