Միքաթի. «Աշխատավարձի Յաւելումները Խորհրդարան Պիտի Փոխանցուին` Կառավարութեան Որոշումին Համաձայն»
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպը եւ Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտը, որոնց հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան պիտի փոխանցուին` կառավարութեան որոշումին համաձայն:
Միքաթի շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կարիք ունէր յաւելումներու թղթածրարը վերստուգելու եւ որոշ ճշդումներ կատարելու, հետեւաբար այդ պատճառով է, որ այս ուշացումը արձանագրուած է:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա:


