Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Թուրքիոյ Պայթումները

Նախագահ Սլէյման եւ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ հարաւային շրջանին մէջ արձանագրուած պայթումները, որոնք պատճառեցին մեծաթիւ զոհեր:

Ան անհրաժեշտ նկատեց ամէն գնով պատժել յանցագործները, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց պատկանելիութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել: Քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններն ու վաղը` 15 մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանի լիագումար նիստը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ վաւերացնել ընտրական օրէնք մը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ, Էլի Մարունի, Սամեր Սաատէ եւ Ֆատի Հապըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջարկը, որ կը վերաբերէր Լիբանանի չէզոքութեան:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց այդ առաջարկը եւ զայն նկատեց կարեւոր առաջարկ մը` պահպանելու համար Լիբանանն ու լիբանանեան պետութիւնը իր բազմազանութեան մէջ` իբրեւ օրինակելի երկիր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ պետական հաստատութիւններու հաշուեքննիչ մարմինի նախագահ, դատաւոր Աունի Ռամատան:

 

Share this Article
CATEGORIES