Կառավարութեան Կազմութեան Յայտարարութիւնը Առկախուեցաւ, Իսկ Լիագումար Նիստին Ներկայութեան Պատկերը Մնաց Խոցելի

Սալամ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` աւելցնելով, որ ինք աճապարուած չէ, սակայն միաժամանակ ուշացում չի սիրեր:

Սալամ յայտնեց, որ «նախորդ քանի մը օրերուն բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարուեցան, բայց ես միշտ ալ անկեղծ ու թափանցիկ եղած եմ եւ կը շեշտեմ, որ ես մնայուն կերպով կը խորհրդակցիմ քաղաքական ուժերուն հետ` ի խնդիր ազգային շահերուն իրականացման»:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք նախանձախնդիր է, որ կառավարութեան մաս կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, եւ կառավարութիւնը վայելէ բոլորին զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը բաւական դժուար է:

Պըրրի նախագահեց նաեւ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին համախոհութիւն չգոյացաւ, սակայն որոշուեցաւ խորհրդարանի լիագումար նիստին մանրամասնութիւնները տեղեկատուութեան մարզէն հեռու պահել, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկումները շարունակել եւ համաձայնութեան մը յանգիլ:

Սակայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խզեցին այս համաձայնութիւնը, իսկ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Պըրրի շրջանցած է դիւանին իրաւունքները եւ առանձինն որոշած խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը:

Իրականութեան մէջ սակայն, խորհրդարանը պիտի քննարկէ ընտրական օրէնքը, իսկ այդ շրջագիծին մէջ քննարկուելիք միակ օրինագիծը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծն է:

Նկատի ունենալով խորհրդարանի դիւանի նիստին ընթացքին տրուած այն որոշումը, թէ չորեքշաբթի, 15 մայիսի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկութեան պիտի դրուի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, շրջանառութեան մէջ դրուած են շշուկներ, թէ Մուսթաքպալ եւ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքները, անկախ երեսփոխաններն ու հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պոյքոթի պիտի ենթարկեն այդ նիստին իրենց մասնակցութիւնը:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը որոշած է մասնակցիլ խորհրդարանի վաղուան նիստին:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, գործուղուած` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ժոմպլաթի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը նախապէս որոշուած էր եւ չէր միտեր կառավարութեան կազմութեան կամ ընտրական օրէնքին մասին քննարկումներ կատարել:

Ան ըսաւ, որ Ժետտայի մէջ քննարկումները մաս կը կազմեն Սէուտական Արաբիոյ հետ կատարուած ընթացիկ խորհրդակցութիւններուն:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ տակաւին կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները հանրապետութեան նախագահին, վարչապետ Սալամի, Պըրրիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ քաղաքական այլ ուժերու հետ` կառավարութեան կազմութեան առումով լուծման մը յանգելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES