«Ազրպէյճան Թշնամական Գործողութիւնները Չի Դադրեցներ Եւ Անոնց Մէջ Կը Ներքաշէ Նաեւ Թուրքիան» Կը Գրէ Քազիմիրով
1992-1996-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նախկին համանախագահ, պաշտօնաթող դեսպան Վլատիմիր Քազիմիրով ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ «ինքզինք պարտուող կողմ նկատող երկրի իշխող վերնախաւը, վրէժով լեցուած, սպառազինութեան մրցավազքի ձեռնարկած է եւ նոր սերունդին մէջ ատելութիւն ու թշնամանք կը սերմանէ»:
Ան կը գրէ, որ «բանակցութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող փակուղին արդիւնք է կողմերու ուռճացուած եւ ոչ իրատեսական պահանջներուն, եւ ոչ թէ միջնորդներու սխալներու: Այժմ շատ կը խօսուի սթաթիւս քոյի անընդունելիութեան մասին: Սակայն պատերազմը ոչինչով լաւ է, նոյնիսկ աւելի վատ է, քան սթաթիւս քոն: Ժամանակն է, որ կողմերը, որոնք տագնապին խաղաղ լուծումը վստահած են ԵԱՀԿ-ին, ստորագրեն ուժի չկիրարկման մասին համաձայնագիր: Ատիկա տրամաբանական է, սակայն Ազրպէյճանի մերժումը կը ստեղծէ լարուած մթնոլորտ, որ վնաս կը պատճառէ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ փոխադարձ վստահութեան ձեռքբերման»:
Նախկին համանախագահը կը նշէ, որ «դադրեցուած են ոչ թէ զինուորական, այլ միայն մարտական գործողութիւնները: Իր թշնամական գործողութիւնները (շրջափակում եւ այլն) ան առհասարակ չէ դադրեցուցած եւ անոնց մէջ կը ներքաշէ նաեւ Թուրքիան»:
Իր յօդուածին վերջաւորութեան Քազիմիրով կը գրէ, որ «անհրաժեշտ է տագնապը ամբողջութեամբ տեղափոխել քաղաքական դաշտ` զայն հեռացնելով զինուորականէն»:


