Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Տուպլէ Մը Իրագործեց
Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ տուպլէ մը իրագործեց, երբ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 48-47 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էին մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 7-10, 20-24, 34-32 եւ 48-47:
Աւարտին յաղթական խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Թամմամ Ժարուտիէն, ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարեսէն եւ ֆետերասիոնի անդամ Իպրահիմ Տաուքիէն:
CATEGORIES Մարզական