Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Փարիզ
Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ մեկնեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի աշխարհի անհատական եւ խմբային ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող Լիբանանի մարզիկները պիտի ըլլան Դուին Մումջողլեան, Լարա Քեչեպաշեան, Ռիթա Պըսէյպես, Աւօ Մումջողլեան, Մալեք Թաուիլ, Մոհամետ Հապաշ եւ Տաուտ Շըհայեպ:
Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա (պատուիրակութեան նախագահ), Ահմետ Արաքժի (փոխնախագահ-մարզիչ), Ուաէլ Նուրէտտին (գանձապահ), Միշել Տը Շատարեւեան (միջազգային ֆետերասիոնի անդամ) եւ Իմատ Մըրհեպ (միջազգային իրաւարար):
Նշենք, որ ախոյեանութեան զուգահեռ Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան միջազգային, ֆրանսախօս երկիրներու, Ասիոյ եւ արաբական ֆետերասիոններու ընտրութիւնները: