Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ 58-51 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով յառաջանալով Թատամոն Զուքի վրայ, բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ Հանդիսացաւ Բ. Դասակարգի Ախոյեան
Եւ Միացաւ Ա. Դասակարգի Խումբերուն
Երէկ` երկուշաբթի, 13 մայիս 2013-ը կարեւոր օր մը եղաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի խումբին համար, որովհետեւ տասը տարուան քիչ մը երկար սպասումէ մը ետք, անիկա հանդիսանալով Բ. դասակարգի ախոյեան, բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Արդարեւ, Ա. դասակարգի խումբերուն միանալը պարզապէս յաղթանակի մը շնորհիւ չեղաւ, այլ ամբողջ տարեշրջանի մը ջանքերուն եւ աշխատանքին պտուղն է անիկա. յաղթանակը կերտուեցաւ մարզիչ-մարզիկ-պատասխանատու-համակիր իրարու հետ կատարուած փոխյարաբերութեամբ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը մրցումին ազդանշանը տրուելէն առաջ իսկ լեցուած էր ամբողջութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար անիկա սկսած էր բաւական նեղ ըլլալ:
Ինչպէս նախորդ երկու մրցումներուն, այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պայքարեցան դաշտին վրայ, իսկ համակիրները իրենց մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցան թրիպիւնին վրայ` իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Առաջին մրցումին 65-52 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ երկրորդին` 52-47 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, երէկուան մրցումին արձանագրուեցաւ երրորդ յաղթանակը` այս անգամ 58-51 արդիւնքով (8-17, 17-9, 14-7 եւ 19-18):
Վերջին անգամ 2004-2005 տարեշրջանին Ա. դասակարգ տեսնուած ՀՄԸՄ Պէյրութ այսպիսով յառաջիկայ տարեշրջանին կը միանայ Ա. դասակարգի խումբերուն:
Աւարտին մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, ֆետերասիոնի անդամներ Էլի Սրապոնեան եւ Վիգէն Չերչեան:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը արձանագրուած այս յաղթանակին համար` մաղթելով խումբին նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:




