50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1963)

ՀՄԸՄ–ի «Մարզական Շաբաթը»

Վայելք Մը Պիտի Ըլլայ Հայ Ժողովուրդին Համար

 Փակման Հանդէսին Ներկայ Պիտի Գտնուի
Վեհափառ
Հայրապետը

ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած «Մարզական շաբաթ»-ի բացումը կատարուեցաւ անցած կիրակի, 12 մայիս, կէսօրէ ետք, Թեհրանի «Արարատ»-ի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի մրցումով:

Մինչեւ կիրակի, ըստ նախատեսուած յայտագրի, տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի մրցումներ, որոնց ժամանակացոյցը պիտի տանք առանձինն:

Մարզասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ առաջիկայ կիրակիի, երբ Մարզական աւանի մեծ դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Արարատ» Թեհրան-ՀՄԸՄ Պէյրութ փոխվրէժի մրցումը` ի ներկայութեան «Մարզական շաբաթ»-ը հովանաւորող Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի:

«Մարզական շաբաթ»-ի հանդիսաւոր փակումը տեղի պիտի ունենայ փառահեղ տողանցքով մը, որուն պիտի մասնակցին Լիբանանի շրջանի ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, սկաուտները, գայլիկները, արծուիկներն ու արենուշները, շուրջ 1500 հոգի, առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբին:

Ոչ մէկ կասկած, թէ շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբերու անխոնջ ջանքերուն, կիրակիի հանդիսութիւնները մարզական վայելքի անմոռանալի պահեր պիտի ստեղծեն հայ ժողովուրդին համար, որ խիտ շարքերով պիտի փութայ դաշտ` մեր երիտասարդութեան խանդով ու նուաճումներով խանդավառուելու:

Վերջին պահուն ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ ընդառաջելով ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Թեհրանի «Արարատ»-ի բաղձանքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը` Խորէն Ա. իր բարձր ներկայութեամբ պիտի պատուէ փակման հանդիսութիւնը:

 

Մայիս 11-Ին Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տան
Թատրոնին
Մէջ, «Օսքար»-ի Ներկայացման Ընթացքին
Եղած
Սրտաբուխ Նուէրները
Ի
Նպաստ Նոյն Թատրոնի Բարեզարդման

Շաբաթ, 11 մայիսի գիշերը, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը առաւել յաջողութեամբ մը ներկայացուց Քլոտ Մանիէի «Օսքար»-ը Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թերաւարտ սրահին մէջ, ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը առջեւ:

Ներկայ էին յատկապէս կաթողիկոսական ընտրութեան առթիւ հեռաւոր գաղութներէն եկած պատգամաւորներ եւ ուխտաւորներ, որոնք մեծապէս տպաւորուեցան խումբին արձանագրած բացառիկ յաջողութեամբ:

Յետ ներկայացման, տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն` ի նպաստ նոյն թատերասրահի բարեզարդման: Հանգականութիւնը վարեց տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան` յանուն թատերասէրներուն:

Բազմաթիւ ազգայիններ սրտաբուխ կերպով մասնակցեցան հանգանակութեան: Շուտով գոյացաւ 6400 լ. ոսկիի պատկառելի գումար մը, որուն վրայ պիտի աւելնայ նաեւ Թատերասէրներու կողմէ խոստացուած 10,000 լ. ոսկիի գումար: Աւելցնենք, որ հանգանակութիւնը կը շարունակուի եւ նուէրները կրնան ղրկուիլ Համազգայինի Թատերասէրներուն կամ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան:

 

Տոմսեր

Եկողները «Կռունկ»,
Հապա՞
Գացողները…

Արտահայաստանի պատմական առաքելութեան նախանձախնդիր հայրենակից մը չափաւոր յուսահատութեամբ կ՛ըսէր.

– Հայերէն թերթերուն կը հետեւիմ` իբրեւ կանոնաւոր եւ վճարող բաժանորդ, ու կը տեսնեմ, որ մեր հանրային եւ մշակութային կեանքին մէջ հայրենիքը իր արուեստագէտներով սկսած է լուրջ ազդեցութիւն գործել: Խորհրդային բանաստեղծներ կու գան ու մթնոլորտը կը լեցուի հայ մշակոյթի պանծացման շունչով: Երգիչներ կու գան ու հայ երգը կը լեցնէ ամէնէն խուլ ականջներն անգամ: Աստղագէտներ, քիմիագէտներ, ճատրակի ախոյեաններ կու գան եւ… նոր հաշիւներ կը բացուին` «հայաստանասէր»-ներու խաղի տետրակին մէջ: Իսկ մեր արտահայաստանը ի՞նչ կ՛ընէ: Մա՜րդ չմնաց, որ հայրենիք ղրկէինք` մեր ալ արժէքները ցոյց տալու համար:

– Ո՛վ կ՛ըսէ, թէ մարդ չմնաց. մենք ալ մարդ կը ղրկենք Հայաստան, եւ ի՜նչ մարդիկ:

– Չեմ լսած: Գիտցածս ա՛յն է, որ «ուխտաւորներ» կ՛երթան, հայրենիքի հողը կը համբուրեն, Էջմիածնին նուէր կը տանին, ու… երբեմն ալ իրենց նուէրները սեւ շուկայի մէջ կը ծախեն, եւ քիչ մը փող շահելով` կը վերադառնան…:

Կան փառքի մուրացկան գրողներ ալ, որոնք…

– Ատիկա լուսանցքի մաս մըն է, եւ ո՛չ համայնապատկեր. եթէ լաւ նայիս, խորանաս ու օրէ օր հետեւիս դէպքերուն, կը տեսնես, որ արտահայաստանը շա՛տ աւելի արժէքաւոր դէմքեր ղրկած է ու կը ղրկէ հայրենիք: Քանի՜ քանի՛ անուանի արուեստագէտներ վերջին տարիներուն Հայաստան գացին ու խանդավառեցին ժողովուրդը` ծափ ու ծաղկի արժանանալով: Օհան Տուրեան երգահան-խմբավարը Փարիզէն գնաց Երեւան ու հոն մնաց` անչա՜փ գնահատուելով: Ջութակահար Ժիրայր Բարիկեան Լոնտոնէն Երեւան տարաւ իր կախարդական ջութակը ու խորհրդային «նոր մարդը» ապշահար լսեց զինք` այդպիսի նորութիւն լսած չըլլալով:

Եգիպտոսէն ներգաղթած Գոհար Գասպարեանը Հայաստանի երգի մեծագոյն քափիթալն է հիմա, եւ լաւ կը շահագործուի: Շարժանկարի մեծ բեմադրիչը` Աշոտ Մալաքեան (Անրի Վերնէօյ) պիտի այցելէ Երեւան, ինչպէս համբաւաւոր ֆրանսահայ երգիչը` Շարլ Ազնաւուր: Դեռ ամիս մը առաջ «Լիբանանի սոխակը» Ժանեթ Գույումճեան երգեց Երեւանի հայֆիլհարմոնիայի մեծ դահլիճում»… Եւ դեռ քանինե՜ր…

– Ճիշդ են այս ամէնը,- առարկեց մեր յոռետես բարեկամը.- սակայն պա՜րզ լուրի պէս կու գայ ականջիս…

– Ա՛յդ է, ահա, մեր դժբախտութիւնը: Երբ Խ. Հայաստանէն արուեստագէտ մը արտասահման կ՛այցելէ, մենք աշխարհը իրար կ՛անցընենք, մեր թերթերը, դպրոցները եւ եկեղեցիները անձնատուր կ՛ըլլան հիւրերուն եւ չտեսնուած համերաշխութեամբ ծունկի կու գան` խորհրդային ամէ՛ն թռչուն «հայրենի կռունկ» հռչակելով: Իսկ խորհրդային թերթերը հազի՜ւ կը բարեհաճին չորրորդ էջի վրայ, եգիպտացորենի, ծխախոտի, պոլիվինիլացետատի եւ սմբուկի արտադրութեան լուրերուն հետ տալու նաեւ արտասահմանի մեր արուեստագէտներուն յաղթական ներկայութեան արձագանգը:

– Է՜հ, արդարութի՞ւն եղաւ ասիկա…

– Արդարութի՜ւն է, անշո՛ւշտ, խորհրդային բառարանի իւրայատուկ եւ «վիթխարի՜» իմաստով…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES