Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Գահակալութեան Լոյսին Տակ. Յիսուսեան Միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլա

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Յիսուսեան միաբանութիւնը հիմնուեցաւ Իգնատիոս տէ Լոյոլայի նախաձեռնութեամբ: Յիսուսեաններ մեծ դեր խաղացին Եւրոպայի քաղաքական կեանքին եւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Ս. Իգնատիոս տէ Լոյոլայի օրինակը վարակիչ դարձաւ շատերուն եւ յիսուսեաններ դարձան ամէնէն մեծ եւ տարածուն միաբանութիւնը:

* * *

Իգնատիոս տէ Լոյոլա

Իգնատիոս տէ Լոյոլա ծնած է հաւանաբար 1491-ին եւ տարածուած կարծիքի մը համաձայն` 24 դեկտեմբերին, եւ զաւակն է Պելթրան տէ Լոյոլայի եւ Մարինա Սաէնս տէ Լիքոնայի: Մկրտուեցաւ Էնեքօ (քասթիլերէն` Ինիկօ) անունով, ի յիշատակ Օնիայի պենետիկտեան աբբա Սուրբ Էնեքոսի: Լոյոլաները պասք ազնուականներ էին եւ տէրն էին Լոյոլա դղեակին:

Լոյոլա կը գտնուի Սպանիոյ Պասք երկրամասին մէջ, Պիսքայայի ծոցի ափին տարածուող Սան Սեպասթիան (Տոնոսթիա) քաղաքէն 25 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, Ասփէյթիա գիւղին արեւմտեան կողմը, Ուրոլա գետի հովիտին մէջ:

Ուրոլայի հովիտը նկատուած է Կիփուսքոա նահանգին սիրտը եւ անտառախիտ լեռներով ու մարգագետիններով շրջապատուած է: Գարնան եւ ամրան կանաչազարդ այս հովիտը աշնան տերեւաթափին ոսկեգոյնի կը զարնէ, իսկ ձմեռը յաճախ ձիւնով կը ծածկուի, մինչեւ որ բնութիւնը բացուի եւ մանիշակները ծաղկին: Մառախուղը յաճախակի է, ամէն եղանակի, եւ ծովէն թաւալելով կը ծածկէ հովիտը, իսկ քամին կատաղօրէն կը սուլէ: Տեղումները առատ են:

Գեղատեսիլ բարձունքներու հովանիին տակ, Լոյոլա դղեակը շագանակի, փեկոնի (տեսակ մը ընկոյզ կու տայ) եւ կաղնիի պուրակներով ու պտղաստաններով շրջապատուած էր: Դղեակին արեւմտեան կողմը Իսարրայց լեռն է (բարձրագոյն գագաթը` Էրլօ, 1026 մեթր), հարուստ` քարայրներով եւ գետնուղիներով, եւ խոր հովիտներով, անդունդներով ու հեղեղատներով կտրատուած է: Սասթարրայն հովիտին մէջ գտնուող Էքէն քարայրը հնագիտական արժէք ունի. տասնչորս հազար տարի առաջ ապրած քարայրաբնակներ ձիերով պատկերազարդած են զայն: Լերան կատարէն կը պարզուի աննման համայնապատկերը` լեռներ, հովիտներ, շէներ եւ հեռուն, դէպի հիւսիս` ծովուն անսահման տարածութիւնը: Դիւթիչ է մանաւանդ մայրամուտը, երբ արեւուն վերջին շողերը կը պահուըտին լերան ետեւը:

Լոյոլայի արեւելեան կողմը գտնուող Ասփէյթիա գիւղը հիմնուած է 1310-ին, Քասթիլիոյ Ֆերնանտօ Դ. թագաւորին կողմէ: Իսկ Լոյոլայի արեւմտեան կողմը Ասքոյթիա գիւղն է: Ուրոլայի, Տեպայի եւ Օրիայի հովիտներէն կ՛անցնէր արքայական ճանապարհը: Շրջանին մէջ զարգացած է կովերու, այծերու եւ լեռնային ոչխարներու բուծանումը, պտուղներու, ձիթապտուղի, բանջարեղէնի եւ հացահատիկի մշակութիւնը եւ ձկնորսութիւնը:

Լոյոլա եւ Օնիաս ընտանիքները ԺԳ. դարուն խնամիական կապերով միացած եւ Լոյոլա դղեակին մէջ կեդրոնացած բազմանդամ գերդաստան էին: «Լոյ» պասք լեզուով կը նշանակէ ցեխ, ընտիր հող կամ կաւային հող, «օլ» յետադիր մասնիկն է, իսկ «ա» որոշիչ տառ է. այսինքն Լոյոլա կը նշանակէ բարեբեր կալուած, կամ` առատութիւն, ճոխութիւն: Լոյոլաները ճանչցուած էին իբրեւ վեհանձն, քաջազուն եւ առատաձեռն նկարագիրով գերդաստան: Ունէին ութ ագարակ, չորս տուն, երկու հողակտոր, ջրաղացներ եւ դարբնոց մը: Անոնք Ասփէյթայի Սան Սեպասթիան տէ Սորէասու եկեղեցիին հովանաւոր պահապաններն էին:

Տոհմանշանը երկու վահաններէ բաղկացած է եւ կը ներկայացնէ Օնիաս եւ Լոյոլա ճիւղերը: Օնիաս վահանը ոսկիի վրայ եօթը կարմիր ձողերէ բաղկացած է, շնորհուած` Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ ԺԱ. թագաւորէն, Օնիաս եօթը եղբայրներուն, Պէոթիպարի 1321-ի ճակատամարտին անոնց ցուցաբերած քաջութեան եւ հաւատարմութեան համար: Լոյոլա վահանը ներկայացուած է արծաթի վրայ սեւ ամանով, անկէ կախուած շղթայով եւ երկուքին միջեւ գայլեր: Ամանը կը խորհրդանշէ հիւրասիրութիւն, խնճոյք. այսինքն Լոյոլաները ազնիւ եւ առատաձեռն էին եւ նոյնիսկ գայլերը կրնային անոնց խնճոյքին մասնակցիլ: Կարծիքի մը համաձայն Լոյոլա քասթիլերէն  «լոպօ ի օլլա», այսինքն` գայլեր եւ աման բառերէն սերած է: Տոհմանշանին վրայ արձանագրուած է. «Ատ մաժորէմ տէի կլորիամ», լատիներէն, կը նշանակէ` Աստուծոյ աւելի մեծ փառքին համար:

Պասք ազնուականները Օնիասինոս եւ Կամպոյնոս անուններով երկու խմբաւորումներու բաժնուած էին. Օնիասինօ տոհմերուն պատկանող աշտարակները կարմիր էին, Կամպոյնոներունը` կապոյտ: Լոյոլաները Օնիասինօ էին. Լոյոլա աշտարակը կառուցուած էր ԺԴ. դարուն, Պելթրան Իպանիէս տէ Լոյոլայի կողմէ: Տոհմերու միջեւ կռիւներէ ետք Քասթիլիոյ Էնրիքէ Դ. թագաւոր 1457-ին Կիփուսքոա մտած եւ շարք մը ազնուականներու շարքին Խուան տէ Լոյոլան իսլամ մաւրերու դէմ Քատիսի մօտակայ Խիմէնայի ճակատը աքսորած էր: Խուան 1460-ին ներում ստացած եւ վերադառնալով վերանորոգած էր Էնրիքէ Դ.ի կողմէ աւերուած աշտարակը:

Լոյոլաները պասք ազգայնական ոգիով թրծուած գերդաստան էին: Նշենք, որ պասքերը (իրենք զիրենք կը կոչեն էոսքալտունաք, եզակի` էոսքալտուն) Իպերիական թերակղզիի հին բնիկներ են եւ անոնց լեզուն` էոսքարա, բոլորովին ինքնուրոյն է:

Լոյոլաները նահապետական կեանք կը վարէին. աշնան տակառներով խնձորօղի կը պատրաստէին, իսկ ձմրան երկար գիշերները կերուխումով կ՛անցընէին եւ կրակարանին շուրջ բոլորուած շագանակ կը խորովէին: Կիրակի առտուները, Մեծ Պահքին եւ Աւագ շաբթուան ամբողջ գերդաստանով եկեղեցի կ՛երթային: Ծնունդին, Զատիկին, Աստուածածնին եւ սուրբերու տօներուն խնճոյքներ կը կազմակերպէին: Նաեւ` ուխտագնացութիւններ կը կատարէին դէպի շրջակայ ճգնարանները:

Լոյոլաները արենակցական եւ խնամիական կապեր ունէին Լասքանօ, Իրաէթա, Էմփարան, Լիքոնա եւ Եարսա  ընտանիքներուն հետ: Լոյոլաներու տան եւ կալուածներուն ծառայողները, դարբիններն ու ջաղացպանները ընտանիքի  անդամ կը նկատուէին:

* * *

Տոն Պելթրան տէ Լոյոլա եւ Տոնիա Մարինա Սաէնս տէ Լիքոնա ամուսնացած էին 13 յուլիս 1467-ին: Պելթրան  մասնակցած էր 1475-1479-ի քաղաքացիական կռիւներուն, եւ 1484-ին, Կրանատայի մէջ` մաւրերու դէմ կռիւներուն:

Դէպի Պիսքայայի ծոց երկարող ճամբաներու խաչմերուկին վրայ, Լոյոլա դղեակը ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ կը գտնուէր: Սպանիոյ միաւորման, ծովագնացութեան եւ երկրախուզութեան ժամանակներ էին:

Տասներեք զաւակներուն անդրանիկը` Խուան Փերէս նաւապետ էր (մահացաւ 1503-ին, Նափոլիի մէջ): Մարթին (1477-1538) տոհմական տիրոյթներուն ժառանգորդը եղաւ: Օչոա եւ Խուան Պելթրան մասնակցեցան Ֆլանտրիոյ եւ  Նափոլիի դէմ արշաւանքներուն: Պելթրան զինուոր էր: Հերնանտօ մասնակցեցաւ Ամերիկայի նուաճումներուն եւ մահացաւ Փանամայի մէջ: Փերօ կրօնաւոր եղաւ (մահացաւ 1529-ին Պարսելոնայի մէջ): Դուստրերը` Խուանիսա, Մակտալենա, Սանչա, Փեթրոնիլա եւ Մարիա:

Ընտանիքին կրտսերն էր Էնեքօ, ապագայ Սուրբ Իգնատիոս տէ Լոյոլան: Մանկութիւնը անցուց Լոյոլա դղեակին մէջ, քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ անոնց զաւակներուն հետ եւ գրել-կարդալ սորվեցաւ: Լոյոլաներուն դրացի, Էկիպար կոչուող տան մէջ բնակող դարբին Մարթին տէ Էրրասթիի կինը` Մարիա Կարին, որ դղեակին մէջ առտնին գործերը կը կատարէր, Էնեքոյի խնամակալուհին եղաւ, որովհետեւ Տոնիա Մարինա տարիքը առած էր:

Պելթրան տէ Լոյոլա մահացաւ 23 հոկտեմբեր 1507-ին, երբ Էնեքօ տակաւին տասնվեց տարեկանը չէր թեւակոխած (Տոնիա Մարինա մահացաւ 6 մայիս 1508-ին):

Եղբայրները որոշեցին Էնեքոն ուղարկել Արեւալօ, կոմս Խուան Վելասքէս տէ Քուէլիարի մօտ, հոն պալատական կրթութիւն ստանալու համար: Խուան Վելասքէս եւ կինը` Տոնիա Մարիա տէ Վելասքօ ունէին վեց տղայ եւ վեց աղջիկ, եւ Էնեքոն ընդունեցին իբրեւ ընտանիքի անդամ: Սեւ աչքերով, փայլուն մազերով, պեխով ու մօրուքով եւ ազնուականի վայելուչ տարազով, Էնեքօ, որ քասթիլերէն հնչումով կոչուեցաւ Ինիկօ, դաստիարակուեցաւ իբրեւ պալատական եւ դիւանագէտ եւ քասթիլիական ազնուականի յատուկ կրթութիւն ստացաւ: Նշենք, որ Քասթիլիոյ թագաւորութիւնը կ՛ընդգրկէր Սպանիոյ մեծագոյն մասը, եւ քասթիլերէնը հոմանիշ է սպաներէնի: Ֆերնանտօ տէ Արակոնի եւ Իզապէլ Քասթիլիացիի  ամուսնութեամբ, 1469-ին, Ֆերնանտոյի գահակալութենէն ետք, 1479-ին, Քասթիլիոյ եւ Արակոնի գահերու միութիւն հաստատուած էր:

Ինիկօ տէ Լոյոլա իր տիրոջ հետ յաճախ մայրաքաղաք Վալիատոլիտ կ՛այցելէր, ուր անոնք կը հիւրընկալուէին արքունիքին մէջ, որովհետեւ Խուան Վելասքէս թագաւորին գանձապահն էր: Ֆերնանտօ թագաւոր եւս յաճախ Արեւալօ կ՛այցելէր: Ինիկօ տէ Լոյոլա նաեւ վարպետ պարող եւ սուսերամարտիկ էր եւ մօտիկ էր իշխանուհի Քաթալինային:

Խուան Վելասքէս տէ Քուէլիար մահացաւ 1517 օգոստոսին, որմէ ետք այրին` Մարիա տէ Վելասքօ Ինիկոն Նախերայի դուքս եւ Նաւարայի փոխարքայ Անթոնիօ Մանրիքէ տէ Լարայի մօտ ծառայութեան ուղարկեց:

* * *

Լոյոլա դղեակը ԺԵ. դարուն

Սպանիա 1512-ին նուաճած էր Նաւարայի թագաւորութիւնը: Ֆրանսական բանակը, Նաւարան պաշտպանելու նպատակով 1521-ին 14 հազար զինուորներով պատերազմի ձեռնարկեց: Նոյն ժամանակ նաւարացիք շարք մը քաղաքներու մէջ ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցին: Ինիկօ տէ Լոյոլա քանի մը հարիւր կռուողներով կը պաշտպանէր Փամփլոնայի ամրոցը: Մայիս 20-ին ֆրանսական զօրքը գրոհի անցաւ Փամփլոնայի ամրոցին ուղղութեամբ: Սպանական զօրքը տկար դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ որոշեց անձնատուր ըլլալ, բայց Լոյոլա խրախուսեց կռուողները եւ ըսաւ, որ Սպանիոյ սիրոյն եւ պարտութեան գնով իսկ պէտք է շարունակել դիմադրութիւնը: Նոյն պահուն թնդանօթի ռումբ մը անցաւ երկու սրունքներուն մէջէն. մէկ սրունքը վիրաւորուեցաւ, իսկ միւսը փշրուեցաւ: Ֆրանսացիք, հիացած անոր քաջութեան եւ անձնուիրութեան վրայ, գերի չվերցուցին զայն, այլ` երկու շաբաթ խնամելէ ետք պատգարակով իր ընտանիքին մօտ, Լոյոլա դղեակը տարին:

Վիրաբուժական գործողութենէ ետք սրունքը շտկուեցաւ, բայց չբուժուեցաւ: Հետեւաբար անհրաժեշտ նկատուեցաւ կրկին վիրահատել: Սաստիկ ցաւերու մէջ եւ երբեմն ալ զգայազիրկ վիճակի մատնուած, Ինիկօ բժիշկներուն յայտնեց որ կը պատրաստուի մահուան, եւ Սուրբ Պետրոսի ու Պօղոսի տօնին գիշերը, յունիս 29-ին հաղորդութիւն առաւ: Երկրորդ վիրաբուժութենէն ետք սրունքը բուժուեցաւ, բայց ոսկորը ծունկէն վար դուրս ցցուեցաւ եւ մէկ սրունքը միւսէն կարճ մնաց: Վիշտը կը տանջէր զինք, մանաւանդ որ այլեւս պիտի չկարենար պալատականի երկար եւ սեղմ կօշիկ եւ գուլպայ հագնիլ: Հետեւաբար ան բժիշկներուն թելադրեց սղոցել ոսկորը եւ հետեւողական պրկումներով երկնցնել սրունքը: Վիրաբուժութիւնը դարձեալ անյաջող անցաւ եւ աջ սրունքը ձախէն կարճ մնալով կաղ մնաց:

Երկար շաբաթներ տեւող ապաքինման ընթացքին, ձանձրոյթը փարատելու համար ուզեց վէպեր կարդալ, բայց վէպ չկար դղեակին մէջ, այլ     միայն` կրօնական գիրքեր: Լուտոլֆ Սաքսոնցիի «Տէ վիթա Քրիսթի» (Քրիստոսի կեանքը) ձեռագիր մատեանը եւ «Ֆլոս սանքթորում» (սուրբերու կեանքը), երկուքն ալ սպաներէն: Յուսահատ` սկսաւ զանոնք կարդալ: Որքան կարդաց, այնքան հետաքրքրուեցաւ հոգեւոր կեանքով եւ սուրբերուն վարք ու բարքով եւ մարտիրոսութիւններով: Կարդալէն ետք հոգեկան խաղաղութիւն եւ բաւարարութիւն զգաց:

Երեկոյ մը տեսիլք մը ունեցաւ. Աստուածամայրը, լոյսերով շրջապատուած եւ գիրկը` Յիսուս Մանուկը, յայտնուեցաւ իրեն: Այս տեսիլքը խորապէս ազդեց վրան, հոգեպէս զօրացուց զայն, մխիթարեց եւ ամրապնդեց իր հաւատքը:

Որոշեց Երուսաղէմ ուխտի երթալ եւ աղօթել այն վայրերուն մէջ, ուր Տէրը անցուցած էր իր երկրաւոր կեանքը: 1522 մարտին ընտանեկան պարագաներէն հրաժեշտ առաւ եւ Լոյոլա դղեակէն ճամբայ եղաւ դէպի Պարսելոնա: Ճամբան մաւր մը ընկերակից եղաւ իրեն: Իւրաքանչիւրը իր ջորին հեծած, կրօնական հարցերու շուրջ վիճաբանութեան բռնուեցան: Մաւրը ըսաւ, որ Օրհնեալ կոյսը Քրիստոսի ծնունդէն ետք կոյս չէ իր կեանքին մէջ: Ինիկօ հայհոյանք նկատեց իսլամի մը կողմէ արտայայտուած այդ խօսքերը: Մինչ այդ ճամբան երկճիւղելով` երկու ուղղութիւններէն մէկը բռնելու ընտրութեան առջեւ կը գտնուէին: Ինիկօ մտածեց, որ եթէ իր ջորին մաւրին բռնած ուղղութեամբ ընթանայ, պիտի սպաննէ անհաւատը: Մաւրը վարի ճամբուն ուղղութիւնը բռնեց: Ինիկօ ջորիին սանձը թուլցուց եւ անիկա վերի ճամբուն ուղղութիւնը բռնեց. այսպիսով երկու ընկերակիցները բաժնուեցան իրարմէ:

* * *

Լոյոլա գիւղը

Դէպի Պարսելոնա ճամբուն վրայ Լոյոլա Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին, մարտ 21-ին Պենետիկտեաններու Սանթա Մարիա տէ Մոնթսերրաթ վանքը հասաւ, ուր խոստովանանք եղաւ հայր Շանսոնի եւ երեք օր աղօթքով անցուց: Մարտ 24-ի գիշերը իր զինուորական տարազը եւ սուրը Սուրբ Կոյսի պատկերին առջեւ կախեց, կտաւէ պարզ զգեստ մը հագաւ, չուանով գօտի մը կապեց, ոտքերուն` հողաթափ, ձեռքին` գաւազան մը,  զինուորական տարազը աղքատի մը տուաւ, ջորին ալ վանքին ձգեց եւ մարտ 25-ի առաւօտուն, հաղորդութիւն առնելէ ետք վանքէն ճամբայ ելաւ:

Վէրքերը տակաւին լաւ սպիացած չէին, յաճախակի ցաւեր կ՛ունենար եւ մարմինը բաւական տկարացած էր: Ճամբան տեղեկացաւ, որ ժանտախտը այլ օրերուն աւեր կը գործէր Պարսելոնայի մէջ: Ոմանք ալ զգուշացուցին զայն, խուսափելու համար Ատրիանոս Զ. նոր պապին շքախումբէն, որ Մատրիտէն Հռոմ կ՛ուղղուէր:

Դէպի Պարսելոնա ճամբուն վրայ Լոյոլա կանգ առաւ Քարտոնէր գետի ափին գտնուող Մանրեսա քաղաքին առջեւ եւ քանի մը օրուան համար տոմինիքեաններու վանքին մօտակայ քարայր մը մտաւ, ծոմապահութեամբ, ճգնութեամբ եւ աղօթքով զօրանալու համար: Հաւատացեալ քանի մը կիներ օգնեցին եւ սնունդ հայթայթեցին իրեն: Տեսիլքներ ունեցաւ գիշեր եւ ցերեկ եւ օրը օրին իր ապրումները գրի առաւ տետրակի մը մէջ: Վանքին կողքին հիւանդանոց մը կար ուխտաւորներուն եւ հիւանդներուն համար եւ Ինիկօ միշտ անոնց կողքին եղաւ: Ամբողջ շաբաթը ծոմ կը պահէր, ջուրով ու ցամաք հացով կը սնանէր եւ միայն կիրակի օրերը եփած խոտեր կ՛ուտէր, իսկ մարմինը մոխիրով կը մաքրէր: Ամէն օր ներկայ կ՛ըլլար եկեղեցական արարողութեանց, եօթը ժամ ծնկաչոք կ՛աղօթէր եւ կիրակի օրերը հաղորդութիւն կ՛առնէր: Կը քնանար գետինը, հողին վրայ: Քրքրուած մազերով, երկար մօրուքով ու եղունգներով փողոցներէն անցած ժամանակ մանուկներ կը քարկոծէին զինք եւ արհամարհական արտայայտութիւններ կը շպրտէին երեսին, բայց Ինիկօ ոչ մէկ բառ կ՛արտասանէր: Տոմինիքեաններ յետոյ վանքին մէջ խցիկ մը տրամադրեցին անոր: Ծայրայեղ ծոմապահութիւնը խանգարեց ստամոքսը եւ հետագային միշտ տառապեցաւ ստամոքսի անհանգստութենէ: Քանի մը օրուան համար քարայր մտած, բայց տասը ամիս ետք հեռացաւ հոնկէ:

* * *

Ինիկօ տէ Լոյոլա Մանրեսայէն Պարսելոնա ճամբայ ելաւ 1523 փետրուարի վերջաւորութեան, իսկ Պարսելոնայէն մարտ 20-ին նաւ մտաւ դէպի Իտալիա: Կաէթայի նաւահանգիստը հասաւ հինգ օրէն եւ հոնկէ ճամբան շարունակելով Ծաղկազարդի կիրակին Հռոմ հասաւ, ուր Ատրիանոս Զ. պապին օրհնութիւնը առաւ եւ ապրիլի կիսուն Փատովայի ուղղութեամբ ճամբայ ելաւ դէպի Վենտիկ: Վենետիկի մէջ ծանօթ չունէր. մուրալով իր հացը ճարեց եւ գիշերներն ալ Սուրբ Մարկոսի հրապարակը քնացաւ, մինչեւ որ հարուստ սպանացի մը ապաստանարան տուաւ իրեն եւ քաղաքի տոճէն հրաման ձեռք ձգեց ուխտագնացութեան համար նաւ նստելու: Յուլիս 15-ին Վենետիկէն նաւ նստաւ եւ Կիպրոս հանդիպելէ ետք սեպտեմբեր 3-ին Եաֆա ցամաք ելաւ: Եաֆայի նաւահանգիստէն էշով ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ, ուր հասաւ յաջորդ օր: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, Սուրբ Շիրիմին առջեւ աղօթեց քանի մը անգամ, այցելեց Ձիթենեաց լեռը, Համբարձման լեռը եւ այնուհետեւ գնաց Բեթղեհէմ եւ աղօթեց Սուրբ Ծննդեան տաճարին մէջ: Ֆրանչիսկեան վարդապետ մը, որ կ՛ընկերակցէր իրեն, ըսաւ որ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ թելադրեց հեռանալ Պաղեստինէն, միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով որ իսլամներ կրնան հալածել եւ առեւանգել զինք:

ԻՆիկօ տէ Լոյոլա սեպտեմբեր 23-ին հեռացաւ Սուրբ Վայրերէն եւ երեք ամիս շարունակ ծովերուն վրայ նաւարկելէ եւ քանի մը նաւ փոխելէ ետք, 12 յունուար 1524-ին Վենետիկ ցամաք ելաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES