Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայալեզու Առաջին Տպագիր Աստուածաշունչը
Նուիրուեցաւ Մատենադարանին
Մաշտոցի անուան մատենադարանի հնատիպ գիրքերու հարուստ հաւաքածոն համալրուած է հայալեզու առաջին տպագիր Աստուածաշունչի օրինակով մը: Ոսկան Երեւանցիի բացառիկ արժէք ներկայացնող Աստուածաշունչը տպագրուած է 1666 թուականին, Ամսթերտամի մէջ: Տպագրութեան այս շքեղ օրինակը տարիներ շարունակ պատկանած է անձնական հաւաքածոյ ունեցողի մը: «Վիվասել- Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի նուիրատուութեան շնորհիւ անիկա այժմ մայր ձեռագրատան մէջ ամփոփուած է եւ առանձնայատուկ փայլք պիտի տայ մատենադարանին:
Պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող այս հատորը բացառիկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Անիկա նուիրուած է հայ տպագրութեան ռահվիրաներէն Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսին: Աստուածաշունչ մատեանի այս օրինակը ունի արծաթեայ ընտիր կազմ, որ հայկական արուեստի եւ պատկերագրութեան եզակի նմուշ է: Հայկական արծաթագործութեան նշանաւոր կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Էրզրումի դպրոցի վարպետ ոսկերիչներէն մէկուն ձեռքով պատրաստուած կողք-կազմը արուեստի հրաշալի գործ է` փորագրութեան եւ դաջուածքի հմուտ մշակումը հանդիսացող: Յստակ է, որ այդ կողքը պատրաստողը տիրապետած է թէ՛ ոսկերչական նրբագոյն արուեստին, թէ՛ մանրանկարչութեան եւ թէ՛ աստուածաբանութեան, որովհետեւ կրցած է այս բոլորը համադրելով` ծնունդ տալ նման սքանչելի եւ ամբողջական ստեղծագործութեան: Կողքին վրայ պատկերուած է աւետման տեսարանը, իսկ ետեւի կողմը` համբարձմանը: Գիրքին բացուող մասին մէջ պատկերուած են չորս աւետարանիչները` իրենց խորհրդանշաններով:
«Հաւանաբար չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ Մատենադարանը մեզի համար ունի նոյն խորհուրդը, որ ունի աստուածաշնչեան Արարատը: Ասիկա մեր էութիւնը բնութագրող սրբավայր մըն է: Գիրի եւ գրականութեան հանդէպ հայուն սէրը անսահման է: Նոյնիսկ ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը նոյնիսկ, պատուի եւ գոյութեան համար մարտնչող ժողովուրդը չէ արգիլած կեանքի գնով գիրքը փրկելու վճռակամութենէն: Հայը իր ցաւը ամփոփած է երգի, ստեղծագործութեան եւ աղօթքի մէջ` ամուր պահելով մշակոյթը: Ուրախ եմ, որ իմ համեստ ներդրումովս կրցայ օգտակար ըլլալ Մատենադարանին», յայտնած է Ռ. Եիրիկեան:
Ան նաեւ այլ անակնկալ մը ընելով` իր անձնական հաւաքածոյէն Աստուածաշունչի այլ երկու օրինակներ յանձնած է Մատենադարանին: Անոնցմէ մէկը տպագրուած է 1854-ին, իսկ միւսին տպագրութեան թուականը յստակ չէ, այս գծով ուսումնասիրութիւն պիտի կապեն մասնագէտները:
Ֆրանսահայ Լուսանկարիչը Արցախի
Գոյամարտին Վերաբերող 8 Հազար Պատկեր Ունի
«Կ՛ուզեմ, որ այլեւս ոչ մէկ լուսանկարիչ Արցախի մէջ նկարէ այնպիսի պատկերներ, զորս ես նկարած եմ»: Արցախեան գոյամարտի 8000-էն աւելի լուսանկարներու հեղինակ Մաքս Արշակ Սիւասլեան այս խօսքերը արտասանած է Ստեփանակերտի մէջ իր լուսանկարներէն մէկ մասին ցուցահանդէսին ընթացքին զրուցելով Karabakh-open- info-ի թղթակիցին հետ: 6 մայիսին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 21-րդ տարեդարձին» նուիրուած իր լուսանկարներու ցուցահանդէսին:
Ներկայացուած էին ֆրանսահայ լուսանկարիչին 50-էն աւելի պատկերները: Մաքս Արշակ Սիւասլեան 1992 թուականի ապրիլին այցելած է Արցախ` խօսուն պատկերներու ճամբով ներկայացնելու արցախեան գոյամարտին ընթացքը: Անոր պատկերները, որոնք լուսանկարուած են պատերազմի առաջին շրջանին, հրապարակուած են «Նուվել Տ՛Արմէնի» ամսաթերթին մէջ: 2001-ին պատկերները ամփոփուած են «Սեւ այգի, պատմութիւն պատերազմի մասին» հատորին մէջ:
«Այս նկարները տեսնելու առիթ ունին միայն արցախցիները, իսկ 8000-է աւելի նկարներ կը սպասեն արխիւացման: Ֆրանսայի մէջ այս մէկը տեղի չունեցաւ, Երեւանի մէջ ալ կարելի չեղաւ ընել, չեմ գիտեր, թէ հոս պիտի կրնա՞մ այս ծրագիրը իրականացնել, թէ ոչ», ըսած է լուսանկարիչը:
Օպամայի Լաւագոյն Լուսանկարներուն
Հեղինակ Սկաութ Թիւֆենքճեանը
Դասընթացք Կու Տայ Երեւանի Մէջ
Ամերիկահայ լուսանկարչական լրագրող Սկաութ Թիւֆենքճեան 10 մայիսին Երեւանի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ սկսաւ տալ «Ֆոթոլրագրութեան եւ ֆոթոպատմութեան հիմունքները» երկշաբաթեայ լրագրութեան դասընթացք:
«Թումօ»-ի հաղորդակցութեան բաժինի պատասխանատու Արամ Գիւմիշեան այս մասին խօսելով` դիտել տուած է, որ կեդրոնը մնայուն կերպով կը նախաձեռնէ իր աշակերտներուն համար դասընթացքներու` տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու մասնակցութեամբ: Նախորդ դասընթացքներուն շարքը տուած է հանրայայտ «ճազմեն» Տիգրան Համասեանը:
«Երբ մենք առաջարկեցինք Սկաութին գալ Հայաստան, ան, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ, մեծ սիրով փափաք յայտնեց գալու եւ փոխանակելու իր փորձառութիւնը, տեսնելու «Թումօ»-ն», յայտնած է Գիւմիշեանը:
Թիւֆենքճեան յայտնի եւ միաժամանակ հետաքրքրական լուսանկարչական վաւերագրականներու եւ պատմութիւններու հեղինակ է, ուստի իր հմտութիւնները կեդրոնի աշակերտներուն հետ կիսելը առաւել քան ուսուցողական պիտի ըլլայ անոնց համար:
Դասընթացքին մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան նկարելու, մշակելու եւ խմբագրելու լուսանկարները` օգտագործելով «Ատոպի Ֆոթոշափ» ծրագիրը եւ ստեղծելու իրենց լուսանկարչական պատմութիւնը: Դասընթացքները սկսան10 մայիսին, շաբաթական 3 անգամ:
Սկաութ Թիւֆենքճեան ծնած է Պոսթըն: Ան շատերու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահական ընտրութիւններու յաղթական լուսանկարներու հեղինակ: Անոր նկարած այն լուսանկարը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու վերընտրուած նախագահը կնոջ հետ գիրկընդախառնուած էր, «Թուիթըր» ցանցին վրայ արձագանգներու քանակի մրցանիշ հաստատեց: Թիւֆենքճեան առաջին անգամ Օպամայի գործունէութիւնը սկսած է լուսաբանելու, երբ վերջինս տակաւին չէր առաջադրուած նախագահի թեկնածու 2006 թուականին:
Այնուհետեւ Սկաութը եղած է Օպամայի նախընտրական արշաւը լուսաբանող լուսանկարիչներէն մէկը: «Հայկական Սփիւռք նախագիծ»-ի ծիրին մէջ լուսանկարներու եւ հարցազրոյցի միջոցով կը փորձէ ստեղծել հայ համայնքի ամբողջական պատկերը` հետեւելով մեծ ու փոքր հայկական համայնքներուն ամբողջ աշխարհի մէջ:
Լուսանկարչական լրագրողը վերջին անգամ Հայաստան այցելած է 2002-ին:
Կառավարութիւնը Որոշած Է Բարեկարգել
Գեղարքունիքի Քաղաքները
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 8 մայիսի իր նիստին որոշում տուած է 200 միլիոն դրամ յատկացնել Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզպետարանին` կարգ մը համայնքներու բարեկարգման նպատակով:
Այս ծրագիրով պիտի կուպրապատուի Մարտունիի Պռօշեան փողոցը (31 միլիոն դրամ), Սեւանի Նայիրեան փողոցը (30 միլիոն դրամ), պիտի վերանորոգուի Գանձակ-Սարուխան մայրուղիի կամուրջը (20 միլիոն դրամ), Աստղաձոր համայնքի մշակոյթի տունը (30 միլիոն դրամ), Վարդենիսի եւ Ճամբարակի բազմաբնակարան շէնքերուՆ տանիքները (համապատասխանաբար` 39 եւ 50 միլիոն դրամ):
Նշենք, որ գումարները պիտի յատկացուին Հայաստանի կառավարութեան պահեստային գումարներուն:
Շուրջ 2 Միլիոն Անձ Այցելած Է
Հայաստանի Թանգարանները
Հայաստանի թանգարաններու այցելուներուն թիւը 2012-ին նուազած է 11.5 տոկոսով` 2011-ին հետ բաղդատելով կազմելով 1,949,351 մարդ. այս տեղեկութիւնը փոխանցած է հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Միաժամանակ երկրի թանգարաններ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը 2012-ին եղած է 366,731 անձ:
Աւելի մեծ թիւով այցելուներ ունեցած են մայրաքաղաքի թանգարանները, ուր նախորդ տարի այցելուներուն թիւը եղած է 1,776,389` 266,544-ը` աշակերտական-ուսանողական կազմեր: Աւելի քիչ այցելուներ ունեցած են Վայոց Ձորի թանգարանները` 1881 հոգի` 1608-ը զբօսաշրջիկներ:
1,540,446 այցելուներուն 79 տոկոսը Հայաստանի թանգարաններ այցելած է վճարովի:
2012-ի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ 99 պետական թանգարան, 61-ը` Երեւանի մէջ:
Սուրիահայ Դպրոցականները Այցելեցին
Արագածոտնի Մարզ
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Արագածոտնի մարզպետարանը միասնաբար կազմակերպեցին «Կիլիկեան» դպրոցի սուրիահայ աշակերտներուն այցելութիւնը Արագածոտնի մարզ:
Աշակերտները այցելեցին Տառերու պուրակ եւ Յովհանավանք: Այնուհետեւ զանոնք ընդունեցին Կարբի գիւղի Վ. Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցին սաները, որոնք իրենց ձեռքով պատրաստած ուտելիքներով հիւրասիրեցին սուրիահայ իրենց հասակակիցները: Հիւրերուն համար ելոյթ ունեցաւ Կարբիի դպրոցին քառաձայն երգչախումբը: Դպրոցականները միասնաբար հանդէս եկան ասմունքի, երաժշտական եւ պարային ստեղծագործութիւններու կատարումներով, որմէ ետք երկու դպրոցներու պատանի ֆութպոլիստները իրենց ուժերը չափեցին մարզադաշտին վրայ:
Ողջունելով սուրիահայ դպրոցականները իրենց յարկին տակ` Կարբիի գիւղապետ Կարէն Բաղդասարեանը եւ դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեանը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յառաջիկային եւս նման ձեռնարկներ կազմակերպելու: Սուրիահայ դպրոցականներուն անունով ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց «Կիլիկեան» դպրոցի տնօրէն Նորա Փիլիպոսեանը: Իսկ ծրագիրի նախաձեռնողներէն Մարիետա Մակարեանը նշեց, որ ծրագիրը հիանալի առիթ է սուրիահայ աշակերտներուն իրենց հասակակիցներուն հետ կապ հաստատելու եւ մտերմանալու:
Հայ Աշակերտները Պատրաստեցին
Մուկ Որսացող Մարդամեքենաներ
«Ռոպոթների օր»ուան առիթով 3 մայիսին Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի բակին մէջ կարկանդակ հատող, կամուրջ անցնող, մուկ որսացող մարդամեքենաներ ցուցադրուեցան: Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան այս առիթով դիտել տուած է, որ բոլոր դպրոցներուն մէջ անհրաժեշտ է ունենալ մարդամեքենայ շինող խմբակներ: «Ռոպոթաշինութեան բնագաւառում աշխուժութիւն կայ: Ուզում ենք հանրութեանը ներկայացնել, որպէսզի հանրութիւնն էլ իմանայ եւ ներգրաւուի այս ամէնի մէջ: Այսօր շատ հետաքրքիր եւ լուրջ լուծումներ են ստացել երեխաները», յայտնած է ան:
Ձեռնարկին ընթացքին «ԱՅԲ» աւագ դպրոցի «Ռոպոթատեխնիկայի խմբակ»-ի սաները, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած մարդամեքենաներու մրցումին արժանացած էին յատուկ մրցանակի, ներկայացուցին հրշէջ, ինչպէս նաեւ ական փնտռող մարդամեքենաներ: «Նայիրի կրթական կոնսորցիում»-ը ցուցադրեց եռաչափ տպիչ եւ խառատային հաստոց: «Սայմոտեկ» ընկերութիւնը` «Քրոնիմետ» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ ստեղծուած ուսումնական մարդամեքենայի ամբողջութիւնը, որ փորձառական ծրագիրով պիտի յատկացուի Հայաստանի 50 համայնքներուն` մարդամեքենայի շինութեան խմբակներ ստեղծելու նպատակով:
Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցան նաեւ կարգ մը մրցումներու եւ անոնց յաղթողներուն տրուելիք պարգեւներուն մասին:
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր 2008-էն ի վեր տեղի ունեցող «Արմռոպոթիքս» ծրագիրի ծիրին մէջ, որուն կազմակերպիչն է Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութիւնը, գլխաւոր հովանաւորը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը, իսկ թեքնիք բաժինի հովանաւորը «Արթին Վարուժան» ընկերութիւնը:
2013-ի Առաջին Եռամսեակին Երեւանի Մէջ
Բնակարանները Սղած Են 1,5 Տոկոսով
2013-ի առաջին եռամսեակին Հայաստանի անշարժ գոյքի շուկային մէջ կատարուած է 40,792 գործարք, որ 2012-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` 7.5 տոկոսով նուազ է:
Յունուար-մարտ 2013-ին Երեւան քաղաքին մէջ անշարժ գոյքի գործարքներուն 60.1 տոկոսը կատարուած է բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու բնակարաններուն առուծախով: Երեւանի մէջ այս տարուան առաջին եռամսեակի, 2012-ի չորրորդ եռամսեակին հետ բաղդատելով, բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու բնակարաններուն առուծախի գործարքներուն թիւը նուազած է 17 տոկոսով, իսկ 2012-ի առաջին եռամսեակին հետ բաղդատելով` 7.1 տոկոսով:
Անշարժ գոյքի կադաստրի պետական յանձնաժողովի տուեալներուն համաձայն, 2013-ի առաջին եռամսեակին Երեւանի բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու բնակարաններուն 1 քառ. մեթր միջին շուկայական արժէքը կազմած է 268 հազար դրամ, մինչ 2012-ի չորրորդ եռամսեակին 264 հազար էր: Հաշուետու ժամանակաշրջանին Երեւանի մէջ 1 քառ. մեթր միջին շուկայական գինը աւելցած է 1.5 տոկոսով:
Մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջաններուն մէջ 2013-ի առաջին եռամսեակին 1 քառ մեթրին արժէքը եղած է 424 հազար դրամ, Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ` 352 հազար դրամ, Քանաքեռ-Զէյթուն` 280 հազար դրամ, Նորք Մարաշ` 245 հազար դրամ, Աւան` 255 հազար դրամ, Էրեբունի` 245 հազար դրամ, Շէնգաւիթ` 251 հազար դրամ, Դաւիթաշէն` 267 հազար դրամ, Աջափնեակ` 243 հազար դրամ: Ամէնէն ցած գիները արձանագրուած են Մալաթիա-Սեբաստիա (236 հազար դրամ) եւ Նուբարաշէն (146 հազար դրամ) վարչական շրջաններուն մէջ:
2013-ի առաջին եռամսեակին մարզերուն մէջ վաճառուած է բնակելի շէնքերու 1052 յարկաբաժին, որոնց քանակը 2012-ի չորրորդ եռամսեակին համեմատ նուազ է 16.3 տոկոսով եւ 7.6 տոկոսով աւելի է 2012-ի առաջին եռամսեակէն: Առուծախի ցանկերու ուսումնասիրութիւնը կը մղէ եզրակացնելու, որ 2013-ի առաջին եռամսեակին հանրապետութեան քաղաքներուն մէջ, բացառութեամբ Երեւանի, բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու յարկաբաժիններուն, 1 քառ մեթր մակերես նկատի ունենալով, շուկայական միջին գիները 2012-ի չորրորդ եռամսեակին հետ բաղդատելով աւելցած են 1.3 տոկոսով:
Հայաստան Այցելած Զբօսաշրջիկներուն
Թիւը Աւելցած Է
Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը յունուար-մարտ 2013-ին կազմած է 128.2 հազար. այս լուրը յայտնած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Նախորդ տարուան առաջին եռամսեակին հետ բաղդատելով` զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 22.9 տոկոսով:
Այս տեղեկատուութիւնը ուշագրաւ է նաեւ անով, որ այս տարուան մարտին (Նովրուզի տօներուն) Հայաստան այցելող իրանցիներուն թիւը էապէս նուազած էր: Սովորաբար Նովրուզի տօներուն Հայաստան կ՛այցելէին շուրջ 30 հազար իրանցիներ, սակայն այս տարի, ըստ նախնական տուեալներու, անոնց թիւը մօտ 10 հազար էր: Իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւին նուազումը հիմնականին մէջ կապուած է այդ երկրին մէջ արտարժոյթի ձեռքբերման բարդութիւններուն:
Յունուար-մարտ 2013-ին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն հեռացած է 137.2 հազար մարդ կամ 2012-ի համապատասխան ժամանակաշրջանի նկատմամբ ցուցանիշը աճած է 14.2 տոկոսով:


