Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռումանիոյ Դեսպանը
Երեքշաբթի, 14 մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թանասան:
Սոյն հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան կազմութեան ու ընտրական օրէնքին հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Յիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը դեսպանին պարզեց իր տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ եւ հայ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը յայտնեց դեսպանին, թէ աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր մօտէն կը ճանչնայ Ռումանիոյ Տանիել պատրիարքը, երբ ան անդամ էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց: Վեհափառը շեշտեց միջեկեղեցական գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ հաւաքական մօտեցումներ որոնելու իմաստով:

