Հայկական Մշակութային Օր` Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2013-ին, ԻՒԶԵՔ-ի (Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան) հայ ուսանողներուն փափաքով եւ աշխատանքով տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային օր մը` նպատակ ունենալով ուսանողներուն ծանօթացնել հայ մշակոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առաւ` ծանօթացնելով Հայաստանը, ինչպէս նաեւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին:

Ուսանողները նաեւ «Քերմես» մը կազմակերպած էին «Պատկեր» կեդրոնին օժանդակութեամբ` ունենալով արհեստաւորներու (ոսկերիչ, կօշկակար եւ գորգագործ), նկարուելու, հայերէն սորվելու, հայկական իրերու, գիրքերու եւ Ասօ Կարվանեանի լուսանկարներու ցուցադրութեան կրպակներ: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարանդա Եագուպեան, Նարէ Սալորեան, Հայկ Կրակեան, Գուրգէն Փափազեան եւ Րաֆֆի Թորոսեան:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի 11-րդ եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ դասարաններու աշակերտները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES