Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Դուին Եւ Աւօ Մումջողլեաններ Եւ Թաուիլ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Նախանցեալ օր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ սկսաւ աշխարհի փինկ փոնկի անհատական եւ խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 128 երկիրներ:

Անհատական մրցումներուն Դուին Մումջողլեան յաղթեց Քալսայ Միսթըրի (Սրի Լանքա)` 4-2 արդիւնքով, իսկ Աւօ Մումջողլեան` Լորես Տարիոյի (Սրի Լանքա)` 4-0 արդիւնքով:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մալեք Թաուիլ` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոռն Մոսպին (Սրի Լանքա):

Խառն զոյգի մրցումներուն, Դուին եւ Աւօ Մումջողլեաններ 3-0 արդիւնքով պարտուեցան Էսպին Ռոնպորկէն եւ Մարթ Էսիպոյէն (Նորվեկիա), մինչ Տաուտ Շըհայեպ եւ Ռիթա Պըսէյպես 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Եասեր Մոհամետի եւ Մուաննա Հասանի (Մոլտաւիա):

Անհատական մրցումներուն երկու յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Տաուտ Շըհայեպ` յաջորդաբար Օթօ Թինիլայի (Ֆինլանտա, 4-1) եւ Սիմոն Թոմիլսոնի (Ժամայքա, 4-0) դէմ:

Share this Article
CATEGORIES