Ֆրանսայի Մէջ Մահացաւ Արսէն Չիլինկարեան
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ ետք, Ֆրանսայի մէջ մահացած է Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը` Արարատ Երեւանի նախկին ֆութպոլիստ Արսէն Չիլինկարեան, որ վերջին տարիներուն կ՛ապրէր Ֆրանսայի Կրենոպլը քաղաքին մէջ:
Ան Արարատ Երեւանի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է նախկին Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան, իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզէն ետք անցած է մարզիչի աշխատանքին:
Արսէն Չիլինկարեան աշխատած է նաեւ անկախ Հայաստանի տարբեր տարիքային ազգային հաւաքականներուն հետ, իսկ անոր վերջին ակումբը եղած է Ուլիս Երեւան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ կը ցաւակցի հանգուցեալ մարզիկի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:
CATEGORIES Մարզական

