Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները պիտի մասնակցին խորհրդարանի լիագումար նիստին` հաւատարիմ մնալով Պքերքէի նիստերուն ընթացքին իրենց արտայայտած կեցուածքներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համակարգող Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ըստ 1960-ի ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյման Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կը կազմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իսլամևքրիստոնեայ հաւասար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը վաւերացնել: Ան շեշտեց, որ արդէն իսկ ժամանակը հասած է վաւերացնելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ հաղորդակցութիւններ կը կատարեն Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն հետ, որպէսզի խորհրդարանի լիագումար նիստին անոնց մասնակցութիւնը կանխարգիլեն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանի նիստին ընթացքին ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է Նեպիհ Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահը միշտ ցցահան ըրած է զիրենք:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կ՛աշխատէին մշակել ընտրական օրինագիծ մը, սակայն այդ ջանքերը ձախողեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պահանջներուն պատճառով:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Նաուֆալ Տաու յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի մէջ իրանեան վարչակարգի մարմնաւորումը կը նկատուի եւ կը փորձէ երկիրը ուղղել դէպի այնպիսի վարչակարգ մը, որ խորթ է Լիբանանի համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ անհրաժեշտ է վաւերացնել ընտրական օրէնք մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը պոյքոթի պիտի ենթարկէ խորհրդարանի լիագումար նիստին իր մասնակցութիւնը` աւելցնելով, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նպատակն է քայքայել Լիբանանը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ կարելի չէ կատարուած իրողութեան ընտրական օրէնքին վերադառնալ` աւելցնելով, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը պիտի առնէ օրէնսդրական իր բնականոն ընթացքը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները արդէն իսկ հասած են Սուրիա-Յորդանան սահմանամերձ շրջան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի սպասէ եւ ապա պիտի յայտարարէ իր պատկերացուցած կառավարութեան կազմը:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան նպատակն էր ներկայ իրադարձութիւններուն քննարկումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը կը դիւրացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը տեղեկացնէ, որ Մարտ 8-ի ուժերուն կարծիքով, վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմելիք «կատարուած իրողութեան կառավարութիւն»-ը յայտարարելու հաւանականութիւնը առկայ է, սակայն այդ մէկը կատարելը կրնայ դժուար ըլլալ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին տիրող քաղաքական մթնոլորտն է, որ պիտի ճշդէ կառավարութեան կազմութեան ուղեգիծը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակելիք ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան դնելու քայլը Լիբանանի մէջ ազգային մեծ տագնապ մը պիտի բռնկեցնէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապը պայթելու սեմին կը գտնուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընտրական օրէնքը քննարկելու առումով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն է 8 – 8 – 8 բաժանումով կառավարութեան կազմի մը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուղղափառ հանդիպումին մշակելիք ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դնէ` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով անոր պահանջներուն ոչ ոք կ՛ընդառաջէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )