Ապպաս Իպրահիմ Դարձեալ Ուղղուեցաւ Սուրիա
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ դարձեալ ուղղուեցաւ Սուրիա:
Դամասկոսի մէջ Իպրահիմ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիացի պատասխանատուներու հետ եւ անոնցմէ ստացաւ տեղեկութիւններ իր ներկայացուցած 371 իգական սեռի բանտարկեալները ազատ արձակելու իմաստով: Այդ տեղեկութիւններուն մէջ նշուած են, թէ նշեալ անուանացանկին մէջ կան անուններ, որոնք սուրիական վարչակարգին բանտերուն մէջ չեն գտնուիր:
Կը նախատեսուի, որ Լիբանան իր վերադարձէն ետք Իպրահիմ հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ` անոնց փոխանցելու համար այս տեղեկութիւնները եւ ըստ այնմ շարունակելու առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
Նշենք, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պըրժ Մըրի մօտակայքը գտնուող «Փեկասիւս» թրքական օդանաւային ընկերութեան դիմաց` պահանջելով ազատ արձակել իրենց հարազատները: