Միքաթի – Վ. Սապունճեան Հանդիպում
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ քննարկուած են լիբանանեան ճարտարարուեստի յատուկ օր մը կազմակերպելու հեռանկարները` ճարտարարուեստի նախարարութեան հիմնադրութեան առիթով:
Վ. Սապունճեան նշեց նաեւ, որ կը ծրագրուի յառաջիկայ աշնան կազմակերպել «Լիբանանեան արտադրութիւն» խորագիրը կրող միջազգային ցուցահանդէս մը:
CATEGORIES Լիբանանեան