Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Դանիոյ Իր Պաշտօնակիցէն Պահանջեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Վերջ Մը Դնել

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ  երեսփոխաններ Ուալիտ Խուրիի, Խալետ Զահրամանի, Ֆարիտ Խազենի, Եասին Ժապերի եւ Նաուաֆ Մուսաուիի, հանդիպում մը ունեցաւ Դանիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ:

Դանիոյ յանձնախումբին նախագահեց արտաքին գործոց նախկին նախարար Փըրշինկ Մոլըր:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն յայտնեց, որ Դանիոյ յանձնախումբին հետ քննարկուեցան Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ գաղթականներուն թիւը հասած է երկու միլիոնի:

Զէյն շեշտեց, որ Դանիոյ պատուիրակութենէն պահանջուած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն վերջ մը դնել, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցով օժանդակել, որովհետեւ այլեւս անոնց հոգատարութիւնը Լիբանանի կարողութիւնները շրջանցած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES