«Կը Մաղթենք, Որ Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Օրինագիծին Համաձայնութիւն Յայտնող Կողմերը Անշեղ Մնան Իրենց Կեցուածքէն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յոյս յայտնեց, որ քաղաքական այն ուժերը, որոնք համաձայն գտնուած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին, անշեղ մնան իրենց կեցուածքէն:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ իրենք չեն կրնար ընդունիլ, որ երկու հոգի համաձայնած են երրորդ անձ մը գողնալու մասին եւ համախոհութիւն կ՛ուզեն անոր վերադարձնելու համար իր իրաւունքները: «Ասիկա անպարկեշտ քայլ մըն է, որ կը կատարուի խորհրդարանին մէջ», ընդգծեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին քուէարկութենէն ետք իրենց կեցուածքը տարբեր պիտի ըլլայ քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ, ըստ քուէարկութեան պատկերին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )