Կորտըն Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Քոնելլի, Կորտըն եւ նախագահ Սլէյման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի օգնական եւ Սպիտակ տան մէջ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ծոցի երկիրներու հարցերու համակարգող Ֆիլիփ Կորտըն` գլխաւորելով ամերիկեան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանան:

Հանդիպումին ընթացքին Կորտընի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Կորտընը եւ անոր ընկերակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը:

Հանդիպումին ընթացքին Կորտըն յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի կայունութեան` մեկնելով «Պաապտայի յայտարարութենէն»: Ան աւելցուց Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Կորտըն աւելցուց, որ ամերիկեան վարչակազմը Լիբանանին 10 միլիոն տոլար յաւելեալ նուիրատուութիւն պիտի կատարէ` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան նպատակով:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն Լիբանանի հանդէպ ամերիկեան ամէն տեսակի օժանդակութիւններուն համար:

Կորտըն այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կորտընը եւ անոր ընկերակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը:

Ֆիլիփ Կորտըն այցելեց նաեւ Մսայթպէ, ուր լիբանանեան իրադարձութիւնները քննարկեց վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Իսկ Քլեմանսոյի մէջ, Կորտըն եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքները:

Նշենք, որ Կորտըն այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Քննարկուեցան ամերիկեան եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ լիբանանեան բանակին յատկացուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )