Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Լիագումար Նիստը

Սլէյման եւ Սալամ

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ իր լիագումար նիստը, որուն կայացման կառչած մնաց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Լիագումար նիստի շրջագիծին մէջ երէկ արձանագրուեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն հանդիպումը Պըրրիի հետ` Այն Թինէի մէջ:

Երկարատեւ նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին քննարկումը վերջին քայլը պիտի ըլլայ` առաջնահերթութիւնը ընծայելով ընտրական համախոհական օրինագիծի այլընտրանքներուն:

Այն Թինէի աղբիւրները յայտնեցին, որ Պըրրի որոշած է մինչեւ 19 մայիս խորհրդարանին մէջ մնալ եւ քննարկումներ կատարել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ Սայֆի այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Ժըմմայզէի մէջ անկախ երեսփոխան Պութրոս Հարպ եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն ունեցան հանդիպում մը:

Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, իսկ լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը պիտի որոշուի աւելի ուշ կամ այսօր առաւօտեան:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոն` հանդիպում մը ունենալու համար ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը երկրին մէջ ծայրայեղութեան պատճառ կը դառնայ եւ քաղաքացիական պատերազմի դռներ կը բանայ: Ան հաստատեց, որ իրենք լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկեն:

Երեկոյեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտարարեց, որ խառն ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութիւնը նուաճում կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ օրինագիծը արդար ներկայացուցչութիւն եւ համախոհութիւն կրնայ ապահովել:

Նշենք, որ ընտրական այդ խառն օրինագիծով ընտրութիւնները պիտի կատարուին 55 առ հարիւր մեծամասնական դրութեան եւ 45 առ հարիւր համամասնական դրութեան հիման վրայ:

Այս բոլորին կողքին Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմատ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր հանդիպումը աւարտած է շարք մը դրական արդիւնքներով:

Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի նախագահութեամբ գումարած իր նիստէն ետք հաստատեց, որ պլոքը այսօրուան լիագումար նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ, որովհետեւ ան համաձայն չէ վաւերացնելու Լիբանանը քանդող օրէնք մը եւ Լիբանանը վերադարձնելու դէպի համայնքայնացումի դարաշրջան:

Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն խորհրդարանի նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու:

Պէտք է ընդգծել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեկոյեան կատարած իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ ինք պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին եւ լսէ բոլոր խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին պէտք է բոլորը ստանձնեն իրենց ազգային պատասխանատուութիւնները:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք նիստերուն պիտի նախագահէ «Նոր Տոհա» անուանումին տակ:

Պըրրիի կատարած յայտարարութենէն ետք, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յայտնեցին, որ նախքան խորհրդարանի նիստը, իրենք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարեն մինչեւ այսօր առաւօտ լուսցող գիշերուան խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խորհրդարանի լիագումար նիստին նախօրեակին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )