«Հայաստանի Մէջ Իշխանափոխութիւնը Կարելի Է, Եթէ Ընդդիմութիւնը Աւելի Շատ Աշխատի» Կ՛ըսէ Ճոն Հեֆըրն

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն 10 մայիսին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութիւն պիտի կատարուի այն պարագային, երբ ընդդիմութիւնը աւելի շատ աշխատի եւ տէր կանգնի իր քուէներուն, ինչպէս նաեւ հետեւողականօրէն քննուին արձանագրուած ընտրախախտումներու դէպքերը:

Հեֆըրն ընդգծեց, որ ընդդիմութիւնը պիտի յաջողի իշխանութեան գալ այն պարագային, երբ բոլոր կուսակցութիւններուն համար հաւասար կարելիութիւններ ընձեռուին եւ բոլոր կողմերը կարենան հաւասարապէս իրենց խօսքը արտայայտել լրատուամիջոցներով: Ըստ դեսպանին, այս հարցին մէջ յառաջընթաց կայ. ազատ, արդար ընտրութիւններ եւ ճշգրիտ հաշուարկուած քուէաթերթիկներ ունենալու համար անհրաժեշտ է արձանագրուած խախտումները քննել եւ հետեւողական ըլլալ անոնց նկատմամբ: Ճոն Հեֆըրն աւելցուց, որ այս հոլովոյթը ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն կը պահանջէ ըլլալ յարձակողական, հաստատակամ, եւ անոնք ցոյց պէտք է տան, որ շատ կ՛աշխատին հայ ժողովուրդի քուէն ստանալու համար: Դեսպանը նշեց, որ ասիկա կը նշանակէ, որ ընդդիմութիւնը նոյնպէս իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի մէջ կա՞յ ուժ մը, որ կը համապատասխանէ իր նշած չափանիշերուն եւ կրնայ այդ միջոցներով հասնիլ իշխանափոխութեան, օրինակ` Ժառանգութիւնը կամ Հայ ազգային քոնկրեսը, դեսպանը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ Հայաստանի միջազգային գործընկերները որեւէ կուսակցութիւն չեն պաշտպաներ, այլ կը փորձեն խրախուսել, որ բոլոր կուսակցութիւնները, թեկնածուները տեսակէտներ եւ հաւասար ու բաշխուած կարելիութիւններ ունենան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES