Նիւ Եորքի Մէջ. Արմէն Գէորգեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին Հետ

Գէորգեան` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձր մակարդակի հանդիպման նիստին ելոյթ ունենալու ընթացքին

Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան 10 մայիսին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռեպեքա Կրինսփանի հետ: Կողմերը բարձր եւ արդիւնաւէտ գնահատեցին Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններու եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի հետ աւելի քան 20-ամեայ համագործակցութիւնը:

Փոխվարչապետը առանձնայատուկ կերպով նշեց ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակի օժանդակութեամբ ու փորձագիտական աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ տարածքներու համաչափ զարգացման խնդիրներուն ուսումնասիրման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներուն մէջ իրականացուող զարգացման բազմաբնոյթ ծրագիրները: Առանձնակի անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնած Հարաւային Կովկասի մէջ սահմաններու համալիր կառավարման ծրագիրին, որ միտուած է շրջանային համագործակցութեան խթանման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բարելաւման:

Փոխվարչապետը հայկական կողմի մտահոգութիւնը յայտնեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի Պրաթիսլաւայի շրջանային գրասենեակի աշխատանքի աւարտին առիթով` նկատել տալով, որ գրասենեակի փոխարինման եւ տեղափոխման առնչութեամբ միացեալ նամակով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին դիմած են նաեւ հայաստանեան բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ:

Հաշուի առնելով հայկական կողմի մօտեցումները` Ռեպեքա Կրինսփան տեղեկացուց, որ Նիւ Եորքի մէջ պատրաստ են քննարկել Երեւանի հետ համագործակցութեան ապագայ ձեւաչափին վերաբերող հարցերը` ընդունելի լուծումներ գտնելու նպատակով:

Նոյն օրը երեկոյեան փոխվարչապետը մասնակցեցաւ նիւեորքաբնակ ազգային բարերար Նազար Նազարեանի մեծարման երեկոյին եւ ներկայացուց Հայաստանի նախագահի շնորհաւորական ուղերձը: Ձեռնարկին ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը բարերարին յանձնեց «Ասպետ Սուրբ Էջմիածին»-ի հայրապետական շքանշանը:

Ա. Գէորգեան մասնակցեցաւ նաեւ «Էլիզ կղզիի պատուոյ շքանշան»-ի յանձնման տարեկան արարողութեան, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Միացեալ Նահանգներու հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին եւ հայրենիքին մէջ իրենց գործունէութեամբ աչքի ինկած ամերիկահայեր:

13 մայիսին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿևի ընդհանուր ժողովի թրաֆիքինկի հարցերով բարձր մակարդակի հանդիպման նիստին: Գէորգեան նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES