ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-9 մայիս 2013-ին Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովը:

ՀՅԴ Երիտասարդականը խորհուրդի ժողովին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտա):

Խորհուրդի ժողովին կը մասնակցէին 57 երկիրներու ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւնները եւ երիտասարդական դաշտին մէջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններ:

Խորհուրդի ժողովը ունկնդրեց միութեան նախագահութեան անցնող միամեայ նիւթաբարոյական գործունէութեան զեկուցումը:

Ըստ օրակարգին, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քննարկում կանոնագրային որոշ կէտերու փոփոխման եւ անդամ միութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւերու վերաբերեալ: Ընդունուեցան շարք մը բանաձեւեր, ինչպէս` անհաւասարութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան, աւելի լաւ աշխարհ ստեղծելու նպատակով միջազգային համերաշխութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու մասին:

Խորհուրդի ժողովին յաջորդած երկու օրերուն ընթացքին Տորթմունտ քաղաքի Ֆրէյտենպաում զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Աշխատաւորներու երիտասարդական փառատօն, զոր կազմակերպած էր Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւնը` Գերմանիոյ Ընկերվարական երիտասարդներ-ֆալքոններու համագործակցութեամբ: Փառատօնին կը մասնակցէին աւելի քան 3000 մարդ: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ նաեւ փառատօնին: Երկու օրերու ընթացքին տարբեր հարցերու գծով յանձնախումբերու մէջ տեղի ունեցան քննարկումներ, մասնաւորաբար աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բնապահպանութեան մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES