«Բարգաւաճ Հայաստանի Կուսակցութիւնը Չի Կրնար Ընդդիմութիւն Դառնալ» Կ՛ըսէ Գագիկ Ծառուկեան
Աբովեանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կառուցուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, որուն մասնակցեցան Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները, ինչպէս նաեւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան:
5 մայիսին տեղի ունեցած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ ելոյթ ունենալով` Գագիկ Ծառուկեան հոգեւոր այս նախաձեռնութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քաղաքականութեան մասին:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Ծառուկեան նշեց, որ եկեղեցւոյ բացման հրաւիրած էր բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնց շարքին նաեւ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ անկախ անկէ, որ հրաւէրը կ՛ընդունին, թէ ոչ, եկեղեցւոյ դռները բաց են բոլորին առջեւ:
Անդրադառնալով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք այս քայլով ինքը կը փորձէ միաւորել քաղաքական դաշտը, Ծառուկեան դրական պատասխան տուաւ:
Ծառուկեան յայտնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը չի կրնար ընդդիմութիւն դառնալ: Ըստ անոր, արդէն կան ընդդիմադիր երեք-չորս կուսակցութիւններ եւ կարելի չէ, որ եւս հինգ-վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւններ ըլլան: Բարգաւաճ Հայաստանը կողմնակից է այն ամէնուն, ինչ որ օգուտ է երկրին, ժողովուրդին:

