ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄԵԾՆԱՆ ՈՍԿՈՐՆԵՐԸ

– Կռճիկէն` ոսկորը
Ծնունդէդ քու ոսկորներդ կը մեծնան աճումի կռճիկինմակարդակին վրայ: Ոսկորը կը մեծնայ այնպէս, ինչպէս վզնոց մը կը հիւսենք: Նոյն ժամանակ հին կռճիկը կը հաստատէ կրածինը (քալսիոմ) եւ ոսկորի կը վերածուի:
– Ոսկորի մը նման կարծր
Ոսկոր մը յառաջացնելու համար պէտք կայ յատկապէս ջուրի եւ կրածինի: Արիւնն է, որ կը բերէ կրածինը: Անիկա կը հաստատուի քոլլաժեն կոչուած մանր թելերու գօտիի մը վրայ: Այս ամբողջութիւնը շաղախի նման զօրաւոր կ՛ըլլայ:
– Ճի՞շդ է, որ կաթը զօրաւոր ոսկորներ կը յառաջացնէ
Ճիշդ է: Ոսկորները զօրաւոր են զայն կազմող քոլլաժենին եւ կարծր ու տոկուն կրածինին պատճառով: Տոկուն ոսկորներ ունենալու համար պէտք է կրածինի մեծ պահեստներ ապահովել մանկութեան շրջանին: Իսկ ո՞ւր կարելի է գտնել այդ կրածինը. մածունին, կաթին եւ պանիրներուն մէջ:
– Ինչո՞ւ մանուկները նուազ ոսկոր ունին
Մեզի կը թուի, թէ անոնք նուազ ոսկոր ունին: Այդ բոլոր ոսկորները սկիզբէն գոյութիւն ունին, սակայն անոնց մէկ մասը տակաւին կռճիկի հանգրուանին են: Կռճիկը տոկուն եւ առաձգական նիւթ մըն է, որ ոսկորներու շողանկարումի ատեն չ՛երեւիր: Կամաց-կամաց անիկա կրածինով կը հարստանայ եւ ոսկորի կը վերածուի: Անիկա տեսանելի կը դառնայ:
– Ե՞րբ դուն ամէնէն շատը կը մեծնաս
Դուն կը մեծնաս ամբողջ մանկութեանդ շրջանին, մինչեւ մօտաւորապէս 16 տարեկան` աղջիկներուն պարագային, եւ 18 տարեկան` մանչերուն պարագային: Մանուկները եւ պատանիներն են, որոնք ամէնէն արագ կը մեծնան: Դուն կը մեծնաս անդադար, սակայն յատկապէս` գիշերները: Երբ դուն խորունկ կը քնանաս, մարմինդ կը շինէ հորմոն կոչուած նիւթեր, որոնք քեզի կ՛օգնեն աճելու:
– Երբ մեծնաս, ի՞նչ հասակ պիտի ունենաս
Մենք չենք կրնար ճշգրիտ կերպով հաշուել մանուկի մը հասակը չափահաս տարիքին: Եթէ քու ծնողներդ հասակաւոր են, հասակաւոր ըլլալու հաւանականութիւնդ մեծ կ՛ըլլայ: Պէտք է լաւ ուտել, շարժիլ, հանգչիլ: Սակայն դուն պէտք է նաեւ մաքուր օդ շնչես եւ արեւին ելլես (անշուշտ` միշտ ճառագայթներէն պաշտպանուելով). ասիկա քեզի կարելիութիւնը կու տայ Տէ կենսանիւթ շինելու: Այս կենսանիւթն է, որ կարելիութիւնը կու տայ կրածինը պահելու: Այս բոլորը քեզի կ՛օգնեն մեծնալու:
ԳԻՏԷԻՐ, ԹԷ՞…
– Ծնունդէդ ի վեր քու ոսկորներդ կը մեծնան տարեկան մօտաւորապէս 8,5 սմ արագութեամբ:
– Մարմնիդ ամէնէն փոքրիկ ոսկորը կը գտնուի ականջիդ մէջ: Անոր հասակը 3 միլլիմեթր է:
ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
– Մեր մորթը մեր մարմնին ամէնէն մեծ գործարանն է: Անիկա կակուղ է, զօրաւոր եւ անջրաթափանց: Անիկա մեր մարմնին միւս գործարանները մարմնին մէջ կը պահէ, իսկ վնասակար մանրէները` դուրս: Մորթը ինքզինք կը նորոգէ ամէն օր` հին եւ չորցած բջիջները թափելով:
– Իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին մարդոց մեծ մասը մօտաւորապէս 18 քիլօ մորթ կը թափէ:
– Ծնունդի վայրկեանին մարդիկ ունին աւելի քան 300 ոսկորներ: Երբ անոնք չափահաս տարիքի կը հասնին, անոնք պիտի ունենան միայն 206 ոսկորներ. կարգ մը ոսկորներ իրարու մէջ պիտի անցնին կամ իրարու միանան, երբ մենք մեծնանք:
– Մեր մարմնին ամէնէն մեծ մկանը այն մկանն է, որուն վրայ մենք կը նստինք: Լատիներէն կլութիուս մաքսիմուս կոչուած մկանը` մեր յետոյքն է:
– Աչքի մկանները մեր մարմնին ամէնէն զօրաւոր մկաններն են: Օրուան ընթացքին անոնք աւելի քան 100 հազար անգամ կը շարժին:
Ի՞ՆՉ ՏՕՆ ԿԸ ՏՕՆՈՒԻ
ԹԱՅԼԱՆՏԻ ՄԷՋ 26 ՄԱՅԻՍԻՆ
Մայիս ամսուն Թայլանտի մէջ կը տօնուի Վիսաքա Փուճա տօնը: Ասիկա առիթն է ոգեկոչելու Պուտտայի ծնունդը, լուսաւորումը (երբ ան իմաստնութեան հասաւ), եւ` մահը: Այս բոլորը` նոյն օրը…
Այս տօնը երկրին ամէնէն կարեւոր կրօնական տօնն է: Տաճարներուն մէջ կրօնաւորները կ՛ուղղուին ժողովուրդին եւ անոնց կը յիշեցնեն պուտտայականութեան ուսուցումները: Իրիկունը մեծ թափօրներ կը կազմակերպուին: Հաւատացեալները կը բռնեն ծաղիկէ մանեակներ, խունկի փայտիկներ եւ մոմեր` Պուտտային, անոր ուսուցումներուն եւ առաջին աշակերտները պատուելու համար: Թագաւորական ընտանիքին անդամները կը մասնակցին այս տօնակատարութիւններուն:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊՈՑՈՒԱՆԱՆ ՇԱՏ ԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ Է
5 ԳՈՀԱՐԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
Պոցուանան աշխարհի ադամանդ արտադրող առաջին երկիրն է: Ադամանդի արտածումը կը ներկայացնէ այս երկրին եկամուտին 50 առ հարիւրը:
Սակայն աւելի ճիշդ է ըսել, թէ աշխարհի ադամանդ արտադրող առաջին երկրի տիտղոսը Պոցուանայի եւ Հարաւային Ափրիկէին միջեւ է, որ կը բաժնուի: 2008 տարուան ընթացքին իր արտադրած 33 միլիոն քարաթներով Պոցուանան արժանացաւ առաջին դիրքին: Երկիրը ունի բացօթեայ երեք հանքեր: Անոնցմէ մէկը` Ժուանենկ, որ կը շահագործուի 1982 թուականէն ի վեր, կը համարուի աշխարհի ամէնէն հարուստ հանքը: Բան մը, որ երազել կու տայ գոհարավաճառներուն…
ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարաւային Քորէայի մէջ պաքալորէայի պետական քննութիւնները շատ լուրջ հարց մըն են. գործարանները եւ գրասենեակները աւելի ուշ կը բանան իրենց դռները` չյառաջացնելու համար խճողումներ, որոնք կրնան աշակերտները ուշացնել: Օդանաւային թռիչքները կ՛արգիլուին, որպէսզի օդանաւերուն հռնդիւնը աշակերտները չխանգարէ: Պետութիւնը ինքնաշարժի վարորդներէն խնդրած է չգործածել իրենց ճչակները. նոյնիսկ երթեւեկը արգիլուած է քննութեան կեդրոններուն շուրջ, նուազագոյնը` մինչեւ 200 մեթր: Այս քննութիւնը գլխաւոր հանգրուան մըն է պատանիներուն համար, որովհետեւ յաջողութեան պարագային, աշակերտը իրաւունքը կ՛ունենայ իր ուսումը շարունակելու նշանաւոր համալսարաններու մէջ եւ այս ձեւով լաւ պաշտօն մը ձեռք ձգելու:
ՇԱՏ ՓԱՓԿԱՆԿԱՏ ՍԱՀՄԱՆ ՄԸ…
Գիտէի՞ր, թէ Պելճիքայի եւ Հոլանտայի միջեւ գտնուող Պաարլ գիւղին մէջ ո՛չ մէկ ցանկապատ, ո՛չ մէկ հսկողութիւն կայ սահմանին վրայ: Սահմանը նշուած է պարզապէս գետնին վրայ գծուած ճերմակ խաչերով: Երբեմն այդ սահմանին գիծը կ՛անցնի տան մը մէջէն, եւ այս ձեւով տունը կը գտնուի երկու երկիրներուն մէջ:
ԾԱՆՕ՞Թ ԵՍ ՓԻՔԱՍՈՅԻՆ
Գիտէի՞ր, թէ նշանաւոր գեղանկարիչ Փիքասոյի անունը Փապլօ Տիեկօ Խոսէ Ֆրանսիսքօ տէ Փաուլա Խուան Նեփոմուսենօ Մարիա տէ Լոս Ռեմետիոս Սիփրիանօ տէ լա Սանթիսիմա Թրինիտատ Մարթիր Փաթրիսիօ Ռուիզ եւ Փիքասօ էր: Բարեբախտաբար ան իր գեղանկարները միայն «Փիքասօ» կը ստորագրէր:
ԺԱՄԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ