«ՏՕՆԱԶԱՆԳ»ԷՆ ԵՏՔ` ՆԱ՛ԵՒ «ՏՕՆԱԿԱՆՉ» (Զարեհ Խրախունիի նորագոյն հատընտիրին առիթով)
«Պատմութիւնը երկրորդութիւն չի ճանչնար»
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
Աւելորդ չէ՞ հարցումը, չըսելու համար` մանկունակ կամ առնուազն միամիտ: Մա՛նաւանդ, երբ ի վերուստ օժտեալ շնորհներուն լուսեղէն մատնահետքերով իմաստնացած, իր ինքնուրոյն ու եզակի աշխարհին խորհուրդներով լիացած, հոգեբանական եւ իմաստասիրական հաստատումներուն զօրութեամբ կշռութաւորուած, այլ յատկապէս արեւմտահայ քերթողութեան ոսկի որակներուն կախարդական արուեստով արդիականացած եւ այդ որակներուն նոր շունչ, արտասովոր հմայք, յարաթռիչ թափ եւ քաղաքակրթական բացառիկ արժէք ու բովանդակութիւն պարգեւած մէկ բացառիկին` Զարեհ խրախունի անուն տաղանդաշատ բանաստեղծին տոկուն, երկրորդութիւն չճանչցող եւ վաւերական քերթողութիւնն է վերոնշեալ հարցադրումին դրդապատճառը: Արտակարգօրէն անձնադրոշմ ու անգերազանցելի ա՛յն բանաստեղծութիւնը, որ իր հարցումներուն մէջ կ՛ամփոփէ բոլո՛ր պատասխանները, իսկ իր պատասխաններուն մէջ կը զսպանակէ հաւանական ու անհաւանական բոլո՛ր հարցումները:
Տարօրինակ եւ անմրցելի երեւոյթ է 85 տարիքի դափնեպսակով յաղթահասակ կանգնած իշխանի մը պէս ազնուական ու բարեկիրթ, քրմապետի մը չափ պատկառազդու եւ սիրելի, մարգարէի մը նման իմաստուն ու խոնարհ եւ մանուկէ մը աւելի հեզ ու բարի այս հսկան: Իր ողջուցը արդէն դասական դէմք դառնալու փառքն ու պաուանդանը նուաճած համբուրելի մեծայարգ վարպետ մը` բառին ամբողջական առումով եւ արեւմտահայ մշակոյթին իւրայատուկ նո՛յնքան ժուժկալ գործածութեամբ ու եւրոպական հասկացութեամբ: Շուրջ վեց տասնամեակէ ի վեր, գրեթէ ամէն օր, Զարեհ Խրախունի գեղագէտ բանաստեղծը անդադար կը մրցի ինքն իր հետ: Իւրաքանչիւր նոր հատոր կը գերազանցէ նախկին իրագործումը: Բայց ան կը մնայ կատարելապէս անփոփոխ` իբրեւ քերթողական հասկացութիւն, հոգեխառնութիւն եւ, մա՛նաւանդ` որպէս բարձր ու ոսկի մակարդակ:
Եւ, բնականաբար, կը զարմանաս ի տես շարունակ երիտասարդանալու գաղտնիքը լուծած իր հմտութեան, հոգեմտաւոր անհանդարտութեան, խոր աշխարհահայեացքին, անսանձ երեւակայութեան եւ անտեսանելի աշխարհներու անլսելի ձայները համափնջելու իր բնատուր տաղանդին: Եւ կը զարմանաս անոր համար նաեւ, որ 1950-ական թուականներու երիտասարդ բանաստեղծը երբե՛ք չի տարբերիր 2000-ականներու ծերունազարդ քերթողէն: Ո՛չ մէկ գեղագիտական վերիվայրում, ո՛չ մէկ շեղում արդէն ծանօթ բանաստեղծական ի՛ր մայրուղիէն եւ ո՛չ մէկ նահանջ կամ անկիւնադարձային ոստում: Միշտ հաւատարիմ իր իսկ հիմնած ու վաւերականացուցած «առարկայական խորհրդանշանապաշտութեան», իմացական ու ճանաչողական խորաթափանցութեան, դիւցազնաշունչ արտասովոր զօրութեան, համամարդկային ու միաժամանակ նոյնքան եւ ա՛լ աւելի ազգային աշխարհահայեացքին, արեւմտահայ դասական քերթողութեան պերճ ու բաբախուն լեզուական հրավառութեան մայր սկզբունքներուն, աշխարհն ու մարդը ոգիին նժարով կշռելու պատասխանատու եւ լրջախոհ քերթողական ծրագիրին, գոյութենապաշտ կենսափիլիսոփայութեան եւ համայնական ու ոճային այն միւս արժէքներուն, որոնք իր բանաստեղծութիւնը պահեցին կրակէ նոյն շրջանակին մէջ, կարծես կատարելապէս անփոփոխ:
Ընդգծեցինք կարծես կատարելապէս անփոփոխ սահմանումը, որովհետեւ առ երեւոյթ այդ տպաւորութիւնը ձգող բանաստեղծական որոգայթները, խորքին մէջ, հիմնովին տարբեր նկարագիր ու բովանդակութիւն ունին: Մնաց որ, Զարեհ Խրախունի գեղակերտ բանաստեղծը, դուք հասկցէք բանաստե՛ղծ ընթերցողներուն, այսինքն` քերթողական մշակոյթի տէր ընտրանիին իմացապաշտ ու արուեստագէտ բանաստեղծը ամէնէն աւելի ի՛նք քաջ գիտէ, որ միանմանութիւնը, միօրինակութիւնն ու միակրկնութիւնը բանաստեղծութեան մահն են, իսկ իրաւ արուեստը երբե՛ք չի կրնար ու չի սիրեր նոյնիսկ կատարելութեան փառապսակով զարդարուած անփոփոխ գեղեցկութիւնները:
Ապացոյց` ի՛ր իսկ քերթողութիւնը: Փաստ` ամբողջական ազատութիւնը վաւերական արուեստի նախապայման հռչակած իր ազատերգակ գրականութիւնը:
2007 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Տօնազանգ» հատընտիրին արձագանգած 2010-ի «Տօնականչ»ը, որ կ՛ամփոփէ ընտիր քերթուածներ բանաստեղծին «Տօնակարգ», «Զբօսապտոյտ», «Ամպ ու աւազ ափերուս», «Դիւցազնահանդէս», «Ուղիներ», «Լուսնապարտէզ» «Ազատերգութիւն», «Քար Հայաստանի», «Շեղբի վրայ ճարտարախաղ», «Ծաղիկներու պէս», «Յոբելենական», «Մեսրոպատօն», «Հարցարան» քերթողագիրքերէն եւ 2009-2010 ժամանակահատուածին երկնուած ստեղծումներէն վեց նմոյշներ, հայրենի եւ սփիւռքահայ գրասէր ընթերցողներուն հետ նո՛ր հանդիպում մըն է` ընթերցողը հոգեփոխելու իր բացառիկ ներզօրութեամբ: Շքեղ ու գեղատիպ մեծածաւալ տաղարան մը տակաւին, որ վայել է շքեղաշուք ու գեղակերտ խօսքի ճարտարապետ ու մոգ նրբաճաշակ արուեստագէտներուն:
Զարմանալի եւ զարմանահրաշ խորհուրդ մը փաստօրէն, որ կու գայ հաստատելու այն թաքուն ճշմարտութիւնը, թէ` կարծեցեալ «անփոփոխութիւնը» գեղարուեստական թակարդ ու պատրանք է: Ո՛չ աւելի, ոչ պակաս: Վասնզի Զ.Խրախունիի քերթողութիւնը անընդհատ ինքզինք կատարելագործող, յայտնատեսութեան լոյսով շարունակ նոր ոլորտներ ընթերցող եւ ինքն իր մէջ եւ իրմէ դուրս աճող ու ընդարձակուող աշխարհընկալման եղանակ ու անշրջանակ աշխարհահայեացք է, որ գերազանցապէս ուղղուած է մեր ներաշխարհի մութ ու լոյս գաղտնիքներուն` իբրեւ հազարամեակներու յաւերժական երկխօսութիւն եւ ապագայի յիշողութիւն, որպէս ցեղային գերազնիւ արժանապատուութիւն եւ էապէս հայայատուկ մարդերգակ ու ազատապաշտ աշխարհազգացողութիւն:
Ահա թէ ինչու, անմահանուն քերթողին անմահ խօսքը փոխ առնելով` պիտի ուզէինք մեր կարգին կրկնել.
«– Պատի՛ւ ըրէք վսեմաշուք քերթողին…»:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՆԱՐԵԿ ՆԱՐԵԿԱՑԻ
Հազարամեակին
Հազար տարին ոչինչ է
Հազար դարը գուցէ քիչ
–Բայց ի՞նչ կ՛ըսեմ – հազար դարը որո՞ւ ինչ
Աշխարհ որ կայ` իմ ազգս ալ կայ – Նարե՛կն ալ
Նարեկացին յաւերժութեան հովերուն է Նարեկ բացեր կուրծքին հետ:
Ան լոկ գանձ չէ եզական
Այլ գանձատուն անզուգական – տարօրինակ, իրակա՛ն
Որ բերդի պէս ամրափակ չէ, այլ գրկաբաց ամէնուն.
Թէպէտ ամբողջ բառագանձն է` ուղն ու ծուծը Հայութեան
Որ պահուած է բառի բանի որպէս մասունք անշօշափ,
Բայց փռուած է ողջ աշխարհի աչքին առջեւ շլմորուն
Եւ տրուած է շռայլօրէն բոլոր սիրող ձեռքերուն.
Ո՛վ որ կ՛ուզէ – պահակ չկայ – կրնայ առնել գրկաչափ…
Ան վեղարով գլուխ մը չէ իմաստուն
Այլ տաճար մ՛է – սրբատուն
Վեղարաձեւ գմբէթ դրած իր գլխուն
Որուն ներքեւ ատեն ատեն կու գայ նստիլ ինք Յիսուս
Դափնենարօտ հետեւորդին, առաքելոց յետնորդին
Քաղցրաբարբառ խօսքն ու ձայնը լսելու
Որուն այնքան կարօտ մնաց իր երկրաւոր օրերուն.
Ան ողբ մը չէ, ոչ ալ երգ
Ան բառ մըն է որ կը փրթի հազար անգամ բիւր անգամ
Յուսատրոփ սրտի ծայրէն կաթիլի պէս արիւնի.
Ան խօսք մըն է որ կը ծորի մեղրախորիսխ լեզուէն
Որպէս միւռոն կ՛օծէ կրկին փակատը մեր խոնարհած.
Նուագ է ան յուզախռով որ կը հնչէ երբ կը շնչէ երգեհոնը թոքերուն –
Խաղաղութիւն կը սփռուի լոյսին բացուած սիրացնցուղ աչքերէն.
Ան մատեան չէ, այլ խորան է փրկութեան
Որուն առջեւ կ՛երկրպագեն տասը դարեր երկիւղած
Եւ շարաններ սերունդներու լացակումած աղաչաւոր անձկայրեաց
Որոնք կու գան ապաշխարել, երես քսել, արցունք թափել – համբուրել
Ոչ թէ քարը, ոչ թէ գիրքը, այլ կարծես թէ այնտեղ պահուած Աջը սուրբ.
Ան եղէգէ պարզ գրիչով գրող չէ
Այլ փետուրով փիւնիկի`
Դեռ սկիզբէն անմահութեան ընծայուած
Որ չի գրեր, այլ կը շարէ կը շռայլէ տող ու տաղ
Որ չի կառչիր մագաղաթին, այլ կը թռչի ու կը ճախրէ անձնուրաց`
Իբրեւ պայման իր քերթողի էութեան,
Ու երկնքի պաստառին
Կը վրձինէ տեսարանը Յայտնութեան
Մէջտեղը ինք` գետնամած:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
ՏՕՆԱԿԱՆ ՏԱՂԵՐ
Աւազուտքը կրակարան մ՛է անբոց
Ամէն ամառ
Արեւուն վառ կայծերէն
Ինչ նոր սէրեր կը բռնկին ներքնովին
Աւազներու փուռին մէջ
Ինչ լուռ սէրեր կը հասուննան ու կ՛եփին…
Մաղմաղին վրայ աւազին
Առկայծ սէրեր մոմերու պէս կը հալին
Իւղի արատ կը ձգեն
Ու կը մարին մոխիր դարձած աւազներուն վրայ տաք
Մինչ աւազին մէջ թաղուած
Ի՜նչ հին սէրեր կը ջերմանան վերստին…
8. 8. 1975
ՆՇԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ով որ ուղիղ նշան կ՛առնէ թիրախին
Կը վրիպի անվրէպ –
ոչ մէկ դռնակ կը բացուի
ոչ մէկ պուպրիկ կը շարժի
ոչ մէկ թռչուն կ՛իյնայ վար
Ամէնքը մէկ այդպէս խրոխտ կը կենան
Ու կը նային հեգնական.
Ով որ սակայն մէկդի դրած նշանակէտ նպատակ
Աջին ձախին
մէկ վեր մէկ վար
զէնք կը պարպէ ըստ բախտի
Դռները միշտ բաց կը գտնէ իր առջեւ
Պուպիկները գիրկը կ՛իյնան
ու խորոված թռչուններն ալ բերնին մէջ
Եւ ի վերջոյ
Ամէնէն սուր նշանառուն ի՛նք կ՛ըլլայ…:
ՕՁԱՊԱՐ
Պարը ինչ է – սէրը ինչ է – յայտնի չէ
Կինը ո՞րն է – օձը ո՞րն է – յայտնի չէ
Այնպէս իրար փաթթուեր են
ու միասին կը գալարուին կը դառնան
մէկը միւսէն աւելի օձ
մէկը միւսէն աւելի կին
աւելի թաց ու ճկուն
Որ չենք գիտեր թէ ինչ է –
Օձի պարն է թէ կնոջ սէրն ասիկա…
Ու մենք ապշած
քիչ մ՛ալ վախցած
պիշ պիշ զանոնք կը դիտենք:
ՃԱՏՐԱԿ
(ԲԵՐԴ)
Բերդին միայն անունը կայ
Համբաւը կայ անառիկ –
Մենք ի՜նչ բերդեր տեսեր ենք
Որ փերթ առ փերթ թափեցան
Երբ փչեց հովն անտաբերութեան
Կամ բուրդի պէս ծուէն ծուէն քակուեցան
Երբ կրծեց որդը դաւաճանութեան.
Եթէ պարոն թագաւորը փքացած
Եւ կամ տիկին թագուհին` խելացի բայց շփացած
Րոքնրոլի փոխարէն
Ճիշդ ատենին րոք չընեն`
Իրենց ձեռքին տակ չպահեն
Չգործածեն իբրեւ ծառայ ուղղագնաց ուղղամիտ,
Անոնք այդպէս
Մէկ մէկ անկիւն վէս ու պարապ կը կենան
Հին դարերու պարիսպներուն պէս յոխորտ
Որոնք կ՛ըսեն ու կը կրկնեն անդադար
Իրենց փառքը սնամէջ…:
Զ. ԽՐԱԽՈՒՆԻ