Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Առանձին մարզանք կատարելը դժկամութիւն կը պատճառէ ձեզի, հետեւաբար ընկերներով կատարեցէք, որպէսզի ժամերը անցնին զուարթ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ոմանք ձեզ կը մեղադրեն, թէ միշտ նոյն հարցերուն մասին կը խօսիք: Ուրախացնելու համար ձեր բարեկամները` այսօր փոխեցէք ձեր զրոյցին նիւթը: Ձեր շուրջինները շատ գոհ պիտի մնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր խօսքը լսելի դարձնելու համար խօսեցէք պարզ եւ հասկնալի: Պէտք չկայ բարձրաձայն արտայայտուելու, որովհետեւ ձեզ լսողները շատ են:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ պիտի ընթանաք արագ եւ յաջողութեամբ, մանաւանդ եթէ ունիք թղթածրարի պատրաստութիւն, պիտի կատարէք շուտով: Այս իրողութիւնը պիտի ոգեւորէ ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս օրը ձեր նախասիրած օրն է, հետեւաբար ունիք խանդավառ տրամադրութիւն եւ բարեկամական հաճելի հանդիպումներ: Ըրէք ձեր ուզածը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրուան գործառնութիւնը կատարելու համարձակութիւնը չունինք, մինչդեռ ոչ մէկ արգելք կայ գործադրելու ձեր որոշումը: Յանդուգն եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հանգիստ եւ անհոգ տրամադրութիւն պիտի ունենաք, որովհետեւ շրջապատուած էք լաւ բարեկամներով, բնական խանդավառութեամբ եւ անկեղծ սիրով տոգորուած միասնաբար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ֆիզիքական թէ նիւթական կարողութեան համեմատ շարժեցէք: Աւելորդ կամ անօգուտ բաներով մի՛ զբաղիք, որպէսզի օրը ըլլայ խաղաղ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մտիկ ըրէք խօսքերը այն անձերուն, որոնք սորվեցնելիք ունին ձեզի հարցերու մասին, որոնց մասին տեղեակ չէք: «Ամէն բան գիտեմ» մի՛ ըսէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք գաղափար մը` արտայայտելու հարցի մը շուրջ, բայց նոյն ատեն դժուարութիւնը կ՛ունենաք մաս կազմելու զրոյցին: Համարձակ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընկերոջ կամ ընկերուհիի մը հետ խօսելու պահուն պիտի կարենաք քիչ բառերով հասցնել ձեր միտքը: Նոյն տրամադրութիւնը պիտի ունենաք նաեւ, եթէ ամուսնացած զոյգ մըն էք: Քիչ խօսքով շատ բան ըսէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործառնութեան մը ընթացքին պիտի արտայայտէք հեղինակաւոր կարծիք այնպիսի բնական ձեւով, կարծէք դուք ըլլայիք այդ գործին տէրը: Ձեր խօսքը պիտի լսուի:

