50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1963)
Քուփըր Անջրպետի Մէջ, 22 Անգամ
Երկրագունդի Շրջանը Կատարելու Համար
Ամերիկացի Աստղանաւորդը, Որ Արձակուեցաւ
Երէկ Կէսօրէ Ետք, Սքանչելի Պայմաններու Մէջ
Կը Շարունակէ Իր Թռիչքը
Այս Գիշեր Պիտի Իջնէ Խաղաղական Ովկիանոս
Չորեքշաբթի ժամ 15:04-ին (Պէյրութ ժամ), ճշդուած ժամէն 4 վայրկեան ետք, աստղանաւորդ Կորտըն Քուփըր (Հաւատք-7» անջրպետային իր խուցին մէջ արձակուեցաւ անջրպետ, 34 ժամ երկրին շուրջ դառնալու համար 22 անգամ:
Ամէն բան ընթացաւ սքանչելի պայմաններու մէջ: Հակահաշւումի սկիզբէն ի վեր որեւէ լուրջ դժուարութիւն չէր ստեղծուած ու միայն երկու անգամ, առաջինը` երեք վայրկեան, երկրորդը` քանի մը երկվայրկեան, հաշուումը ընդհատուեցաւ «Ժ» ժամէն միայն քանի մը վայրկեան առաջ:
Ֆլորիտայի կապոյտ երկնքին մէջ, ուր ոչ մէկ ամպ կար, 130 թոննոց հսկայ հրթիռը դանդաղօրէն բարձրացաւ բոցերու ամպի մը ընդմէջէն, ապա, շուտով արագանալով` բնական կերպով ծռեցաւ դէպի հիւսիս-արեւելք, նարնջագոյն բոցեր արձակելով, մինչ իր խուցէն` աստղանաւորդը կը յայտնէր, թէ ամէն բան լաւ է ներսը:
Արձակումէն երկու վայրկեան ետք «Ատլաս հրթիռին առաջին յարկը կը բաժնուէր: Չորս վայրկեան ետք հրթիռը հասած էր 160 քմ բարձրութեան մը, ժամական 22.530 քմ արագութեամբ, իր բնական ճամբան շարունակելով դէպի այն կէտը, ուր քանի մը վայրկեան ետք ծիրի վրայ պիտի դրուէր:
Այդ կէտին վրայ հրթիռին արագութիւնը ժամական 28.000 քմ.էն քիչ մը վեր էր: Եօթը վայրկեանի թռիչքէ մը ետք «Հաւատք-7» այլեւս ուղղակի շփման մէջ չէր Քենեւըրըլի Հրուանդանին հետ ու կը խօսէր Պերմուտայի կայանին հետ:
Արձակումէն 9 վայրկեան ետք, երբ անջրպետային խուցը արդէն իսկ հասած էր կեդրոնական Ատլանտեանի վերեւ եւ շփման մէջ իր ցամաքի ու ծովու բոլոր կայաններուն հետ, աստղանաւորդը կը ծանուցէր, թէ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ: Ապա կը խօսակցէր իր աստղանաւորդ ընկերներուն հետ, որոնք երկրագունդի զանազան կողմերը կը հետեւէին իր թռիչքին:
Այդ պահուն կ՛իմացուէր, թէ «Հաւատք-7»-ի արագութիւնը բարձրացած ու հասած է 28.233 քմ.ի: Իւրաքանչիւր շրջան պիտի կատարէ 88 վայրկեանէն, ըստ ծրագիրներու:
Քարայիպեան կղզիներուն մօտ հասնելով, սկսաւ նկարել իր հեռատեսիլի գործիքով:
Այսպէսով կը սկսէր պատմական թռիչք մը ամերիկեան անջրպետային տարեգրութեանց մէջ:
Կորտըն Քուբըր հետը տարած է ձկնորսի եղէգ մը եւ ձկնորսութեան յատուկ առարկաներ, նկատի ունենալով որ Խաղաղականի կամ Ատլանտեանի մէջ իջնելու պարագային, կրնար սպասել բաւական ժամանակ, մինչեւ որ զինք գտնեն:
Այս առտու ժամը 0.31-ին, Քուփըր կատարած էր 7-րդ շրջանը, երբ հրահանգ ստացաւ շարունակելու իր թռիչքը առնուազն մինչեւ 17 անգամ:
Հայկական Կեանք
Մեծ Երազի Մը Իրականացումը
Մխիթարեան Ամառնային Դպրոց
Ամերիկայի Մէջ
Ամերիկահայերու երկարամեայ հոգետանջ երազը եղած էր ունենալ հայկական ուսումնարան մը:
Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւնը այսպիսի ծրագրի մը իրագործման համար լծուած էր գործի եւ մեծ զոհողութիւններով այսօր հասած է դրական արդիւնքներու:
Երկու տարի առաջ Մխիթարեաններուն անունով հողամասը գնուած էր, որ կը գտնուի Մասաչուսեց նահանգի Իսթ Ֆալմութ գիւղաքաղաքին մէջ:
Ամերիկահայ առաջին ամառնային դպրոցին բացումը պիտի կատարուի 29 յունիս 1963-ին: Այս նոր ուսումնարանը պիտի կոչուի «Սուրբ գրիգոր Մխիթարեան լեզուի-ուսուցման դպրոց»:
Պիտի ծառայէ պատանիներու իբրեւ դպրոց եւ ամարանոց` նպատակ ունենալով հայ մշակոյթի եւ պատմութեան, մանաւանդ հայոց լեզուի ուսուցումը:
Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող վեց շէնքերուն վրայ աւելցած են երեք նոր շէնքեր` 50 հազար տոլար արժողութեամբ, ուսուցիչներու եւ ծնողներու բնակութեան համար: Կը կառուցուի նաեւ մեծ դպրոցը, որ պիտի ծառայէ 100 աշակերտներու իբրեւ դասարան եւ ննջարան եւ պիտի արժէ 150.000 տոլար:
Յայտնի ուսումնականներ եւ կրթական մշակներ պիտի հրաւիրուին դասախօսելու ժամանակ առ ժամանակ:
Ամառնային դպրոցական շրջանը պիտի բաղկանայ ութ շաբաթներէ: Պիտի ընդունուին 8-14 տարեկան ամերիկահայ պատանիներ:

