Նուռը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արեւելքի մէջ նուռը հնագոյն ժամանակներէն համարուեր է պտուղներու արքան:
Բաբելոնի մէջ նուռ մշակուեր է 5 հազար տարի առաջ: Նուռով զարդաքանդակներու կարելի է հանդիպիլ Միջին եւ Փոքր Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Նուռի անունով կը կոչուի Սպանիոյ Կրենատա քաղաքը:
Բոյսին լատինական անուանումը «Punica granatum», կապուած է փիւնիկեան պատերազմներուն հետ: Հռոմէացիները նուռը անուաներ են փիւնիկեան խնձոր: Հետագային պտուղը կոչուեր է «Granatum», որ կը նշանակէ «հատիկաւոր»:
Աւանդազրոյցներ
Նռնենիի պտուղին, հատիկին, տերեւներուն եւ ծաղիկներուն հետ բազմաթիւ աւանդազրոյցներ կապուած են: Հին Յունաստանի մէջ նուռը կը խորհրդանշէր ամուսնական հաւատարմութիւնը: Հայերուս մօտ նռնենին մշտապէս համարուեր է պտղաբերութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ: 1830-ական թուականներուն Տարօնէն գաղթած հայերէն մեզի հասած է հետեւեալ աւանդազրոյցը. «թագաւորը մեծ տօնախմբութիւն կազմակերպած է: Բազմաթիւ պալատականներու եւ դրացի թագաւորներու ներկայութեան անոր յղի կինը, որուն ծննդաբերելու ժամանակը կը մօտենար, նկատելով գետին ինկած մութ կարմիր նուռի հատիկը` կը վերցնէ եւ կը կլլէ: Զայրոյթէն մթագնած արքան սուրով կը սպաննէ կինը, իսկ հրաշքով փրկուած նորածինի շուրթերուն վրայ կը տեսնեն… նուռի հատիկը»:
Նուռին Բուժիչ Յատկութիւնները
Նուռին բուժիչ յատկութիւններուն մասին անդրադարձած է Հիփոքրատը, որ կը թելադրէր նուռի հիւթ խմել ստամոքսային ցաւերու պարագային եւ պտղակեղեւը օգտագործել վէրքերու ապաքինման համար:
Արաբները նուռը կ՛օգտագործէին գլխապտոյտի պարագային:
Հին Հայաստանի մէջ 15-րդ դարու բժշկապետ Ամիրտովլաթ Ամասիացին իր դեղամիջոցներու միջնադարեան հանրագիտարանին մէջ նուռի մասին գրած է հետեւեալը. «Նուռը երեք տեսակի է` թթու, քաղցր եւ թթուաքաղցր: Լաւագոյնը քաղցր տեսակն է, որ կը դարմանէ սիրտի բաբախումը եւ կը փափկացնէ կոկորդը: Թթու նուռին հիւթը կը դադրեցնէ դեղին մաղձի արտադրութիւնը, բխկոցն ու սիրտ խառնուքը: Թթու նուռի կեղեւի եփուկին ջուրով լինտերը ողողելու պարագային, անոնք կ՛ամրանան եւ չեն արիւնիր: Նուռին տերեւները կ՛ամրացնեն մազերը: Նուռը նաեւ կը դարմանէ աղիքային խոցերը, կոպերու հիւանդութիւնները եւ խիստ թելադրելի է յղի կիներուն համար»:
Բուժիչ յատկութիւններ ունին` նռնենիի կեղեւը, տերեւը, ծաղիկը պտուղին կեղեւը, հատիկները, հիւթը, պտղակաթունը, արմատը…
Նռնենիէն ստացուած պատրաստութիւնները ունին զօրացնող, թարմացնող, արիւնը մաքրող, արիւնահոսութիւնը դադրեցնող, ցաւազրկող, ջերմը իջեցնող եւ վէրքամոքիչ յատկութիւններ:
Նուռը կ՛օգնէ կանխելու սրտի հիւանդութիւնները, նուազեցնելու հոգեկան ընկճուածութիւնը եւ նոյնիսկ բարելաւելու սեռային կեանքի որակը: Իսկ վերջերս ալ նուռը կը համարուի երիտասարդութեան աղբիւր: Պարզուած է, որ նուռի ամէնօրեայ օգտագործումը կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացման գործընթացը:
Արդարեւ, «Տը Տէյլի Մէյլ» կը գրէ, որ գիտնականները այս եզրակացութեան եկած են 60 կամաւորներու վրայ կատարուած փորձէ մը ետք: Անոնք մէկ ամիս օրական խմեր են նուռի հիւթ, որմէ ետք գիտնականները նկատեր են, որ մորթի ծերացման գործընթացը զգալիօրէն դանդաղած է:
Ծանօթ է, որ նուռը հարուստ է Ա. Սէ. Էօ. եւ Պէ.1, Պէ.2 կենսանիւթերով, հանքայիններով անթիօքսիտաններով, որոնք կը չէզոքացնեն ազատ ռատիքալներու աշխատանքը:
Նուռին Հիւթը Կը Նպաստէ Նիհարնալու
Բրիտանացի հետազօտողները պարզած են, որ նուռին հիւթը կը նպաստէ որովայնի հատուածի աւելորդ ծանրութեան նուազումին:
Գիտնականները փորձ կատարած են տղամարդոց եւ կիներու վրայ, որոնց որովայնի հատուածին մէջ ճարպային կուտակում կայ:
Փորձին մասնակցողները օրական կէս լիթր նուռի հիւթ խմելով, ամիս մը ետք անոնց ճարպերու կուտակումը զգալիօրէն նուազեր է:
Փորձագէտները այս երեւոյթը կը բացատրեն անով, որ հիւթը նուազեցուցած է արեան մէջ առկայ ճարպաթթուներու պարունակութիւնը: Գիտնականներուն կարծիքով, նուռին հիւթը ոչ միայն կը նպաստէ նիհարնալու, այլ նաեւ կը պաշտպանէ սիրտը եւ բարենպաստ ազդեցութիւն կը գործէ երիկամներու աշխատանքին վրայ:
Նուռը Որպէս Խորհրդանիշ
Նուռը արեւելեան ժողովուրդներուն մօտ համարուեր է բոլոր պտուղներու արքան ոչ միայն անոր հաճելի համին եւ բուժիչ յատկութիւններուն, այլեւ անոր գլխամասին գտնուող թագանման յաւելոյթին պատճառով: Տեսակէտ կայ, որ արքայական թագի նախատիպը վերցուած է նուռի «թագ»-էն:
Ըստ հին յոյներուն, նռնենին աճած է բուսականութեան աստուած, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հովանաւոր դիոնիսոսի արեան մէջէն, իսկ փիւնիկեցիներուն համար ունեցած է կենաց ծառի խորհրդանիշ: Նուռը` որպէս պտղաբերութեան, մաքրագործութեան խորհրդանիշ, պուտտայականութեան երեք սրբազան պտուղներէն մէկն է: Նուռը ձօնուած է յունական սիրոյ եւ գեղեցեկութեան աստուածուհի Աֆրոտիթէին, ինչպէս եւ` մայրութեան եւ հողագործութեան աստուածուհի Հերային: Սկանտինաւեան ժողովուրդներու աւանդութեան մէջ նուռը կը համարուի դրախտի արգիլուած պտուղը:
Նուռը ե՛ւ իր խորհրդանշական իմաստով, ե՛ւ որպէս ազգային զարդատեսակ` շատ օգտագործուած է հայկական ճարտարապետութեան, գորգագործութեան, կիրառական արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ: Նուռը ներշնչած է նաեւ հանճարեղ Սերգէյ Փարաջանովը, որուն հանրայայտ ժապաւէնը` «Նռան գոյնը» անոր գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի:
Արդի հայ կիրառական արուեստին մէջ, որպէս հայկական յուշանուէր, շատ տարածուած են փայտէ, կաւէ եւ արծաթէ պատրաստուած նուռի գեղօրները, կանացի զարդարանքները եւ այլն…
Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս Հայաստանի մէջ նուռը կ՛օգտագործուի բուժիչ նպատակներով, իսկ նուռի գինին իր ուրոյն տեղը ունի հայկական գինեգործութեան մէջ:
Նուռ – Արման Դաւթեան
Արման Դաւթեան աւելի ծանօթ է Նուռ անունով: Ան Քարթիէի, Շոփարի կողքին յայտնի ոսկերիչ-ձեւագծող է, որուն ստեղծագործութիւնները հպարտութեամբ կը կրեն հանրայայտ մարդիկ, ինչպէս` Մ. Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Մատլեն Օլպրայթը, հռչակաւոր պարուհի Մայա Պլիսեցկայան, երգչուհի-դերասան Շերը, յայտնի թենիսմեն Անտրէ Աղասին եւ շատ ուրիշներ:
Նուռը նաեւ հեղինակն է «Միս Հայաստան» եւ «Միս Անդրկովկաս» թագերուն:
Նշանաւոր ոսկերիչը` քանդակագործը կը պատմէ, թէ առաջին անգամ զինք Նուռ անուանած են, երբ մանկական ներկայացումի մը մէջ նուռի դեր խաղացած է: Ան կ՛աւելցնէ, որ ինք նուռ ուտել չի սիրեր, բայց անտեսանելի, ներքին կապ մը զինք կը կապէ այս պտուղին հետ:
«Ես չեմ կրնար ստեղծել որեւէ բան, մինչեւ չծանօթանամ անոր ապագայ տիրոջ հետ: Ամէն մարդ իմ մէջս կ՛արթնցնէ որոշակի յուզումներ, որոնք կ՛արտապատկերեմ իմ աշխատանքներուս մէջ: Ի միջի այլոց, յաճախորդին հետ զրուցելէ ետք ես կ՛որոշեմ, թէ ի՛նչը կը վայելէ անոր, եւ հազուադէպօրէն կը սխալիմ», կը յայտնէ Արման Դաւթեան:
«Ընթերցողի Արձանը»
Ոսկերիչ, նկարիչ-քանդակագործ Նուռին անունը վերջերս Հայաստանի մէջ մեծ շուքով յիշուեցաւ, երբ անոր պրոնզաձոյլ քանդակը տեղադրուեցաւ Խնկօ Ապոր անուան մանկական գրադարանի մուտքին: Աւելի քան 2 մեթր բարձրութիւն ունեցող քանդակը կազմուած է գիրքերէ եւ լուսամփոփէ մը: Ցանկութեան պարագային, ընթերցասէրները կրնան նստիլ քանդակին վրայ եւ… կարդալ: Քանդակը ունի առաւելութիւն մը եւս, անոր յարակից տարածքէ անվճար համացանցի կապի միջոցով կարելի է մուտք գործել www.karda.am կայքէջ եւ կարդալ միլիոնաւոր գիրքեր:
Խոհագիր
Նուռով Աղցան
– 1 կամ աւելի հասուն, քաղցր նուռ
– Նուշ, հալէպի պիստակ, սնոպար (նայած նուռի քանակին)
– Ծոր (մէկ բաժակ շաքար, կէս բաժակ ջուր, քիչ մը ծաղիկի ջուր)
Պատրաստութիւն
Մաքրել նուռերը, հատիկները լեցնել խորունկ ամանի մը մէջ:
Նուշը, հալէպի պիստակն ու սնոպարը առնուազն ժամ մը թրջել պաղ ջուրի մէջ:
Պատրաստել ծորը եւ ձգել որ պաղի:
Պաղած ծորը աւելցնել նուռի հատիկներուն վրայ:
Հրամցնելու ժամանակ աւելցնել նուշը, սնոպարն ու հալէպի պիստակը, խառնել եւ մատուցել ներկայանալի բաժակներու մէջ:
Թելադրելի է նուշն ու պիստակը կեղուել եւ այդպէս աւելցնել խառնուրդէն, որպէսզի անոնց տեսքը աւելի գեղեցիկ եւ ախորժաբեր ըլլայ:
Վերջապէս, կարելի է ծորը զանց առնել, կամ քանակը կիսով պակսեցնել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դու Նըխշուն Նուռ
Ա. Իսահակեան
Դու նըխշուն նուռ` զառը վըրադ,
Ես քո թուփն եմ, շուքիդ մէջ,
Դու քնքուշ վարդ` վառը վըրադ,
Ես տերեւդ եմ փըշիդ մէջ:
Վախենամ` թէ մի օր էլ գան,
Քեզի քաղեն ու տանին.
Ես թուփ-տերեւ մընամ չորնամ,
Զարկէ գետին ցուրտ քամին:



