Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայկական Ցեղասպանութեան 98-Ամեակի
Նուիրուած
Ձեռնարկներ

Սուրիա

Ապրիլ 24-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Նոյն օրը հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւնների կանխարգիլման, դատապարտման եւ անոնց հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

 

Լիթվիա

Ապրիլ 24-ին Լիթվիոյ Ցեղասպանութեան եւ դիմադրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Ելոյթներով հանդէս եկան  Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեան, Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարան) անդամներ, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան խումբի փոխնախագահ Ալկիս Քաշեթա, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէ, Լիթվիոյ Ցեղասպանութեան եւ դիմադրութեան կեդրոնի տնօրէն Թերեսա Պուրաուսքայթէ, պատմաբան Ալկիրտաս Քասփարաւիչիւս, անուանի գրող Վահագն Գրիգորեան, գրող հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Մարիթէ Քոնթրիմայթէ եւ Լիթվիոյ Ազգային փոքրամասնութիւններու խորհուրդի փոխնախագահ Ռուսլան Յարութիւնեան:

 

Պաթում  

Ապրիլ 23-ին Պաթումի Սուրբ Փրկիչ  եկեղեցւոյ մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց մոմավառութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարի մօտ:

Ապրիլ 24-ին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ: Այնուհետեւ  եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն: Իր քարոզին մէջ Արարատ քհնյ. Գումբալեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է միշտ վառ պահել Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը եւ այդ պատգամը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու ժխտողականութեան հարցերուն:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պաթումի նորընտիր նախագահ Իրակլի Չաւլեիշվիլի, որ իր խօսքին մէջ դատապարտեց շուրջ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած դեպքերը:

Աւարտին ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղեցին հայկական խաչքարին մօտ:

 

Վրաստան

Ապրիլ 13-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած «Հայոց Գողգոթա» խորագրով ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած էին Թիֆլիսի, Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ ծնունդով վրաստանցի, բայց ներկայիս Հայաստանի մէջ գործող նկարիչները: Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսին մասնակցած շուրջ 35 ստեղծագործողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատկերացում ունին միայն հաղորդուածով եւ ցուցասրահին մէջ տեղ գտած շուրջ 60 կտաւներ գոյներու միջոցով արտայայտուած անոնց ցասումն է, արդարութեան եւ հատուցման պահանջը անմեղ նախնիներու տառապանքներու եւ դաժան նահատակութեան համար:

Վրաստանի «Հերակլ Երկրորդ» ոչկառավարական կազմակերպութեան ղեկավար Արչիլ Ճկուիծէն, խօսք առնելով խոնարհեցաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ` կոչ ուղղելով Վրաստանի իշխանութիւններուն` յարգել հարեւան քրիստոնեայ ժողովուրդի ցաւը, ճանչնալ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ յուշարձան կանգնեցնել զոհերու յիշատակին:

Իրենց բողոքը միջազգային հանրութեան անարդար եւ անտարբեր վերաբերմունքի նկատմամբ արտայայտեցին գրող-թարգմանիչ Կիվի Շահնազար, Վրաստանի նախագահի խորհրդական, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեան, բեմադրիչ Միքայէլ Գրիգորեան, պատմաբան Ենոք Թադեւոս»եան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր մասնակիցներուն, այս ձեռնարկը համարեց որպէս յուշակոթող անմեղ հայ նահատակներուն: Ոգեկոչելով երիտասարդ ստեղծագործողները, Առաջնորդը յոյս յայտնեց վաղուան Հայաստանի եւ հայութեան գեղեցիկ ապագային նկատմամբ:

Ցուցահանդէսին ամէնէն երիտասարդ մասնակցողը եղաւ Քրիստինէ Բագդաց»ան: Երրորդ մրցանակին արժանացաւ Լիլիթ Արսէնեան, երկրորդ մրցանակին` Անի Քանանեան, իսկ առաջին մրցանակին` Մարիամ Տիպուխեան: Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ բոլորին տրուեցան նիւթական պարգեւներ:

Ցուցահանդէսը  պիտի շարունակուի մինչեւ 30 ապրիլ:

 

Լոնտոն

Ապրիլ 24-ին Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգային երեկոյ:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Արա Փալամուդեան եւ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Մարգարեան:

Համերգային ծրագրով ելոյթ ունեցաւ լոնտոնաբնակ հանրայայտ դաշնակահար Սարգիս Զաքարեան, որ կատարեց Կոմիտասի, Բաբաջանեանի, Քլարկի, Պեթհովենի ու Շոփենի ստեղծագործութիւնները: Իսկ դերասանուհի Կարին Պետրոսեան կարդաց պուլկարացի բանաստեղծ Փէյօ Եաւորովի  «Հայեր» բանաստեղծութիւնը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի խօսքով ու աղօթքով:

 

Պրազիլ

Ապրիլ 21-ին Սան Փաուլոյի «Հայկական ակումբ» համալիրին  մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն մասնակիցները քննարկեցին նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցած համամարդկային ոճրագործութեան տարբեր երեսները, հետագային նախատեսուող քայլերը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցան փաստագրական քանի մը ժապաւէններ:

Ապրիլ 22-ին Սան Փաուլոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն և սուրբ պատարագ:

Սուրբ պատարագի արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ նոյն` «Արմենիա» հրապարակին վրայ գտնուող հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ, որոնցմէ ետք հայկական երեք եկեղեցիներու պատարագներուն մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:

Ապրիլ 24-ին Սան Փաուլոյի Օրենսդիր ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նիստ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին: Նիստի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկողները ընդգծեցին Պրազիլի Ազգային քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

 

Մոթէվիտէօ

Ապրիլ 24-ին մայրաքաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան տեսահոլովակներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած ժապաւէններէն բաժիններ ներկայացնելով: Հաւաքին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մոմավառութիւն: Ապա տեղի ունեցաւ քայլերթ, որ սկսաւ Անկախութեան հրապարակէն եւ աւարտեցաւ քաղաքապետարանին շրջափակին մէջ: Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ «Վռամեան ակումբ»-ի պատանեկան միութեան անդամ Ռոմինա Գույումճեան:

Նոյն օրը երեկոյեան Ուրուկուէյի խորհրդարանի ծերակոյտի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը: Օրուան պատգամաբերներն էին` խորհրդարանի նախագահ տոքթ. Խերման Քարտոսօ, խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Մարիա Էլենա Լաուրնակա, կրթութեան եւ Մշակոյթի փոխ նախարար Օսքար Կոմեզ, Արժանթինէն յատկապէս հրաւիրուած ծանօթ դատաւոր եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան տոքթ. Տանիէլ Ռաֆեքաս, իսկ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Ֆետերիքօ Վանէսգահեան:

Բոլոր պատգամաբերները իրենց խօսքին մէջ վերահաստատեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը հայութեան եւ յատկապէս Հայ դատին:

 

Արժանթին

Ապրիլ 30-ին Պուէնոս Այրեսի կեդրոնական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժխտողականութեան դէմ, յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան» խորագրով Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին նուիրուած գիտաժողով:

Ելոյթ ունեցան Արժանթինի կրթութեան նախարար Ալպերթօ Սիլէոնի, դաշնակցային դատաւոր Սերժիօ Թորրես, Խտրականութեան, այլատեացութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ ազգային բաժանմունքի տնօրէն Փետրօ Մուրատեան, Մայիսեան հրապարակի մայրերու  ներկայացուցիչ Նորա Քորթինեաս, հասարակական գիտութիւններու տոքթոր Ֆետերիքօ Լորենս եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ ազգային խորհուրդի նախագահ Ալֆոնսօ Տափակեան:

Բանախօսները նշեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը ծնաւ նմանատիպ զարհուրելի ոճրագործութիւններ` շեշտելով մարդկութեան դէմ գործած ծանրագոյն այդ յանցագործութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հրամայականը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Արժանթինի փորձին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ապրիլ 4-ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական հանդիպումը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման:

Երեկոն վարեց Գրողներու միութեան փոխնախագահ, յայտնի գրող մտաւորական Գէորգ Քրիստինեան: Իր բացման խօսքին մէջ  ան շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի դիմադրական ուժին ու ուժեղ ոգիին վրայ, որ ոչ միայն վերապրեցաւ երիտթուրքերու կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան դառն ու անմարդկային փորձառութիւնը, այլ իր մէջ հոգեկան ուժն ու կորովը գտաւ` գերիվեր ուժերուն դէմ Ղարաբաղի ճակատէն յաղթական դուրս գալու ու պապենական մեր հողերը խլելու ազերի թշնամիի տիրապետութենէն: Ան կոչ ուղղեց միասնականութեամբ ու եղբայրական ոգիով լուծելու Հայաստանի քաղաքական կեանքը փոթորկող ներկայ ընտրավէճերը:

Այնուհետեւ ընթերցումներ կատարեցին` բանաստեղծ Ժաք Յակոբեան, Ագնէս Գէորգեան, Ռուբինա Օհանեան, Արաքսի Նաւասարդեան, Ալեքսանդր Թամրազ, Երուանդ Իսկենտերեան եւ Սամուէլ Շահպազեան, նաեւ` արձակագիրներ Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, Սահակ Թութճեան, Կիմա Կիրակոսեան, բանասէր Յովսէփ Նալպանտեան եւ Ռուբէն Կորիւն:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

*Ապրիլ 24-ին  «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, ելոյթ ունեցաւ «Քլարք» համալսարանէն թուրք մտաւորական Ումիտ Քիւրտ: Ան խօսեցաւ հայերը տեղահան ընելու եւ անոնց կալուածներուն տիրանալու Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան մասին` զանոնք Ցեղասպանութեան առաջին քայլը նկատելով:

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան իր կարգին բացատրեց, թէ այս տարի որոշուեցաւ թուրք մտաւորական մը հրաւիրել` ցոյց տալու համար այն իրողութիւնը, թէ Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու քաջութիւն ունեցող թուրք մտաւորականներուն թիւը սկսած է դանդաղօրէն բազմանալ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ, որ շեշտեց, թէ սրահին մէջ հայութեան ներկայութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ` «օսմանցիները չյաղթեցին»:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ յայտնի վիպագիր Միշլին Ահարոնեան Մարքըմ, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

*24  ապրիլին Պոսթոնի մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ, որուն յաջորդեց քայլարշաւ:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ, որուն ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին ու բարձր գնահատեց սփիւռքի կառոյցներուն ջանքերը:

*Ապրիլ 27-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ հայ ազգային եւ հոգեւոր երգերու անուանի կատարող սոփրանօ Աննա Մայիլեանի եւ Էթնո-վոքալ եռեակին համերգը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան հայ դասական, հոգեւոր եւ ժամանակակից երգարուեստի նմուշներ, ինչպէս նաեւ նորայայտ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց մշակութային դիւանագիտութեան նշանակութիւնը` կարեւոր նկատելով հայ արուեստի գործիչներուն եւ հայկական կառոյցներուն դերակատարութիւնը ինչպէս հայկական համայնքներուն մէջ, նոյնպէս ալ օտար լսարաններու մէջ հայկական մշակոյթի եւ հայ արուեստի ներկայացման գործին մէջ:

 

Ուքրանիա

Ապրիլ 24-ին Քիեւի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան, որ ընդգծեց, թէ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայոց պետականութեան զարգացման եւ ամրապնդման գործին, որովհետեւ ուժեղ եւ հզօր պետականութիւնը, Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը նոր աղէտներու կանխման գլխաւոր գործօնն է: Ելոյթ ունեցան նաեւ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգորիս եպս. Բունիաթեան, Քիեւի հայ համայնքի նախագահ Համլեթ Գալուստեան, Միջազգային համալսարանէն Խաչատուր Խաչատուրեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան Ուքրանիոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ:

 

Ֆրանսա

Ապրիլ 27-ին Մեդոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Մեդոնի հայկական յուշակոթողին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Էրվէ Մարսել իր ելոյթին մէջ նշեց, որ անհամբեր կը սպասէ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի ներառման ԱԺ օրակարգին մէջ եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` ուղղուած Ֆրանսայի ծագումով հայ քաղաքացիներու յիշողութեան պաշտպանութեան: Այնուհետեւ շնորհակալական եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:

Ապրիլ 28-ին Իսի-լէ-Մուլինոյի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որուն յաջորդեց քայլերթ` դէպի քաղաքի հայկական յուշակոթող, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

Ելոյթներ ունեցան Հայաստանի դեսպանը, Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետը եւ ֆրանսահայ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները:

Նոյն օրը Քլամար քաղաքի հայկական խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան յաջորդեցին Հայաստանի դեսպանի եւ Քլամարի քաղաքապետ, ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթենպախի ելոյթները:

27 եւ 28 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկները շարունակուեցան Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ:

 

Աւստրիա

Ապրիլ 26-ին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան «Մխիթար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայր Պօղոս Կոճանեան եւ Յարութիւն Տանիլ: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան:

Ապրիլ 27-ին Վիեննայի մէջ Ուղղափառ ասորական համայնքի մշակութային միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ հպատակներու` հայերու, յոյներու եւ ասորիներու կոտորածներու մասին նիւթով: Ելոյթ ունեցաւ Պերլինի Ազատ համալսարանի ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման աշխատանքային խումբի ղեկավար տոքթ. Թեսսա Հոֆման:

Ապրիլ 27-ին Աւստրիոյ հանրային ORF 3 կայանը ցուցադրեց գերմանացի վաւերագրող Էրիխ Ֆրիտլերի 2010 թուականին նկարահանած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ԱՂԷՏ-ցեղասպանութիւն փաստավաւերագրական ժապաւէնը:

Ապրիլ 28-ին Կրաց քաղաքի Քալվարիենպերկ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց մոմերով երթ դէպի Տոմինիքեան եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ցուցադրուեցաւ Էրիխ Ֆրիտլերի «ԱՂԷՏ-ցեղասպանութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որուն յաջորդեց Պխիեան լարային քառեակի ելոյթը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES