Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Համբարձման Եւ Մայրերու Տօներու Առիթով Դաշտագնացութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղը տարեկան իր ծրագրին մէջ կ՛ընգրկէ պտոյտ մը: Այս տարեշրջանին նկատի առնուած էին զոյգ առիթներ. համբարձում եւ մայրերու տօն:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յիշեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 9 մայիսին առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, դէպի Այնճար դաշտագնացութեամբ: Պտոյտին մասնակցեցան մասնաճիւղի անդամուհիներ եւ հրաւիրեալներ քոյր մասնաճիւղերէ եւ բարեսիրական միութիւններէ:

Փոխադրակառքերը նախ ուղղուեցան, ըստ ծրագրուած յայտագրի, դէպի Ազունիէի Ազգային բուժարան, այցելութեան մը նպատակով: Այս  առիթով մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներէն Տինա Հատտատ ուխտի մը նպատակով օրուան ճաշը հրամցուց բուժարանի պատսպարեալներուն:

Այցելութիւնը աւարտած ըլլալով` փոխադրակառքերը ուղղուեցան Այնճար, ուր նախ հանդիպեցան Սուրբ Պօղոս եկեղեցի, ուր  դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ ծխատէր Աշոտ քահանայ Գարագաշեանին կողմէ:

Տէր Աշոտ աղօթք մը կատարեց, ապա խմբերգուեցաւ «Տէր ողորմեա»-ն: Քահանայ հայրը ներկայացուց Այնճար գիւղաւանի պատմականը, Մուսա լեռէն մինչեւ Այնճար տեղափոխութեան մանրամասնութիւնները: Դաշտագնացները իրենց աղօթքին միացուցին մոմավառութիւն:

Ժամը 1:00-ին ԼՕԽ-ականները հասան գիւղի ծայրամասին գտնուող «Ռազմիկ» ճաշարանը: Ճաշասեղանները պատրաստ էին շքեղ եւ ընդարձակ ճաշարանին մէջ: Բնութիւնը ծաղկուն էր, օդը մեղմ եւ հովասուն: Հաճելի մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ ճաշկերոյթը: Վարչութեան ատենապետուհի Իսկուհի Գափլանեան կատարեց բացման խօսքը` արժեւորելով համբարձման եւ մայրերու զոյգ տօներուն խորհուրդը:

Օրուան գեղարուեստական յայտագրին մասնակցելու հրաւիրուած էր տաղանդաւոր երգչուհի եւ մենարուեստի մասնագէտ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեանը, որ պատրաստած էր գունագեղ երգերու փունջ մը` ընկերակցութեամբ երգեհոնահար-դաշնակահար Շանթ Տիշչէքէնեանի:

Յասմիկ գործադրեց իր յայտագիրը, ձայնային գեղեցիկ եւ բազմերանգ ելեւէջներով, մեկնաբանելու իւրայատուկ ոճով խանդավառեց ներկաները, որոնց համար յայտնութիւն մը նկատուեցաւ ան: Երգչուհին արտասանեց նաեւ Շահանդուխտի «Մայրերը» բանաստեղծութիւնը:

«Ռազմիկ» ճաշարանին հրամցուցած հայկական ճաշերը համեղ էին, գնահատելի: Համբարձման տօնը խորհրդանշող «Ջան գիւլիւմ»-ի քառեակներ ստացան ներկաները, իւրաքանչիւրը` իր բախտին ուղղուած խօսքերով:

Այս առիթով բանախօսելու հրաւիրուած էր Շահանդուխտ: Ան յիշեց անցեալին հայրենի մեր ոստաններուն մէջ տօնակատարուող համբարձման տօները, երգ ու պարով, վիճակախաղով, ինչ որ ներշնչած էր հանճարեղ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը` ստեղծագործելու «Անուշ»-ը, ամէնուս ծանօթ բեմադրութիւնը: Իր խօսքին երկրորդ մասով ան նշեց մայրերուն առաքելութիւնը, պարտաւորութիւնը` անխախտ պահելու հայուն օճախը, հանդուրժելով, հնազանդելով եւ զաւակներ դաստիարակելով: Ան ցաւեցաւ,  որ ներկայ օրերու մեր նորահարս մայրացուները նկատի չեն առներ այս պարտականութիւնը` պատրուակելով, թէ «օրերը դժուար են»: Արդեօք յետեղեռնի նոր գաղութներու մէջ հաստատուած հայ մայրերուն օրերը` «շատ լա՞ւ» էին, երբ այդ օրերու մայրերը 5-6 զաւակ կ՛ընծայէին մեր ժողովուրդին: Ան ըսաւ. «Մէկ զաւակով մայրութիւն չ՛ըլլար, եւ շարունակեց, մեր թիւի աճման անկումին կ՛օգնեն նոր օրերու մեր մայրերը, որոնք չեն հանդուրժեր զաւակներ ծնանելու եւ զանոնք ազգին նուիրելու, ազգը բազմացնելու: Մեր աճումի  ծաղկումին մեծ վնաս նկատեց նաեւ խառն ամուսնութիւնները, որոնց միացումով ծնածներ մեծ մասամբ հայեր չեն:

Ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` ի նպաստ ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն իրականացման:

Երեկոյեան արեւմարի ժամերուն դաշտագնացները վերադարձան Պէյրութ, ամենայն գոհունակութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES