Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի «Առողջապահութեան Շաբաթ»-ը
Աշակերտութեան բազմակողմանի զարգացման ձգտող իր քաղաքականութեան ծիրին մէջ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա քոլեճին տնօրէնութիւնը ապրիլին կազմակերպեց «Առողջապահութեան շաբաթ» մը, որ լուսարձակի տակ առաւ նոր սերունդին սպառնացող գլխաւոր հիւանդութիւնները եւ զանոնք կանխարգիլող միջոցները:
«Առողջապահութեան շաբաթ»-ը սկսաւ քոլեճին երկրորդականի աշակերտներուն Պալամանտ համալսարանի առողջապահութեան բաժանմունքի ցուցահանդէս այցելութեամբ, Էշրեֆիէ: Աշակերտներ այս առիթով մօտէն ծանօթացան բաժանմունքին գլխաւոր մասնագիտութիւններուն: Ապա անոնք ցուցահանդէսին բացօթեայ կրպակներուն ճամբով ցուցմունքներ ստացան առողջապահական կենսական գիտելիքներու մասին: Գիտելիքները ընդգրկեցին անմիջական օգնութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, առողջապահական ուտելիքներու հիմնական բաղադրութիւններ, մարմնի ծանրութեան մասին բացատրութիւններ եւ այլն:
Օր մը ետք երկրորդականի աշակերտները քոլեճին մէջ ընդունեցին այցելութիւնը DiaLeb կեդրոնի հիմնադիր եւ տնօրէն տոքթ. Ժաքի Քասսուֆ-Մաալուֆի եւ կեդրոնի պատասխանատու Լայալ Հաննայի: Զոյգ դասախօսները փաուըր փոյնթով խօսեցան պատանի-երիտասարդներու մօտ տարածուած շաքարախտի երեւոյթին մասին: Անոնք ներկայացուցին շաքարախտի ախտաճանաչման ձեւերը եւ կանուխէն զանոնք յաղթահարելու միջոցները: Այս առիթով, DiaLeb-ի տնօրէնը հաստատագիր մը եւ շաքարախտը չափող սարք մը նուիրեց տնօրէնութեան, որ իր կարգին յուշանուէրով մը պատուեց հիւրերը:
Միջնակարգի եօթներորդ դասարանի աշակերտները ունեցան առանձին դասախօսութիւն մը: Քոլեճի նախկին շրջանաւարտ, մանկաբոյժ տոքթ. Այտա Ասատուրեան-Աֆարեան աշակերտութեան խօսեցաւ առողջ ապրելու կանոններուն մասին:
Ութերորդ դասարանը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր ծանօթացաւ չորս յարկանի կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ առողջ սննդականոնի մասին շահեկան դասախօսութիւն մը լսեց սննդագէտ Մարիա Թէքէեանի կողմէ:
Շաբթուան ընթացքին քոլեճը ունեցաւ նաեւ այլ այցելու մը: Թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնէն այցելեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Թելլօ Նիկողոսեանը եւ փաուըր փոյնթով իններորդ դասարանի աշակերտութեան խօսեցաւ ծխախոտի եւ ալքոլի վտանգներուն մասին:
«Առողջապահութեան շաբաթ»-ը եզրափակուեցաւ քոլեճին երկրորդականի բաժինէն 40 աշակերտներու շտապ օգնութեան դասընթացքի մասնակցութեամբ: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, դասընթացքը տեղի ունեցաւ քոլեճին հանդիսասրահին մէջ եւ երկարեցաւ երկու օրուան վրայ: Դասընթացքը վարեց Լիբանանեան կարմիր խաչի շտապ օգնութեան բաժնի պատասխանատուներէն Մոհամետ Հարաքէ: Շուտով, յատուկ հանդիսութեամբ մը, դասընթացքին մասնակիցները կ՛արժանանան պաշտօնական վկայականներու:

