Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ցաւակցելով Ռէյհանիյէի պայթումին արձանագրուած զոհերուն համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ թշնամի Իսրայէլի օդուժը Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործած է եւ ապա մեկնած Ալմա Շաապի ուղղութեամբ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Ղովմի եւ Պաաս կուսակցութիւններուն երեսփոխանները պոյքոթի պիտի ենթարկեն լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը, որովհետեւ անոնք կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք ստիպուած է յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման համար 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ թեկնածութիւններ ընդունիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ պէտք չէ Լիբանանի մէջ անիշխանութիւն արձանագրուի, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն ներքեւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրինագիծը առիթ կ՛ընծայէ խորհրդարանին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան կազմութեան առումով իր վերջնական կեցուածքը պիտի յայտարարէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութիւն գոյացնեն ընտրական օրէնքի մը շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES