Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Ուղղուեցան Թրքական Դեսպանատուն

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան իրենց ընթացիկ բողոքի ցոյցը գործադրեցին, սակայն այս անգամ Ռապիէի մէջ` թրքական դեսպանատան դիմաց:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք չեն սահմանները շրջանցողը, այլեւ` թուրքերը, որոնք առեւանգած են լիբանանցի քաղաքացիներն ու երկու եպիսկոպոսները:

Անոնք յոյս յայտնեցին, որ լիբանանեան համայնքները բաղկացնող բոլոր թեւերը մասնակցին բանեցուած ճնշումին եւ ազատ արձակեն բոլոր առեւանգեալները:

Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներէն Տանիել Շաայպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ահաբեկչութեան պետութեան դեսպանատունն է:

Շաայպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ անկիրթ անձնաւորութիւն մըն է, որովհետեւ ան համարձակ յայտարարութիւններ կը կատարէ այն քաղաքացիներուն հասցէին, որոնց երկրին մէջ ան հիւրաբար կ՛ապրի:

«Դուն եւ Թուրքիան Լիբանանի մէջ բաղձալի չէք, որովհետեւ դուք կը զբաղիք ահաբեկչութեամբ եւ կ՛առեւանգէք մեր բարեկամներն ու զանոնք ազատ չէք արձակեր», ըսաւ ան:

Նշենք, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ երէկ երեկոյեան Սուրիայէն վերադարձաւ Լիբանան, յայտնեց, որ Ազեզի մէջ քննարկած իր հարցերը ճիշդ հունի մէջ եղած են` աւելցնելով, որ արդիւնքի հասնիլը որոշ ժամանակի կը կարօտի:

Զօր. Ապպաս  Իպրահիմ ողջունեց սուրիական իշխանութիւններուն գործակցութիւնը` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով գործելու իմաստով:

Ան ընդգծեց, որ Սուրիա իր կատարած այցելութիւնները պիտի շարունակէ` այդ թղթածրարին առողջ լուծում մը ապահովելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES