«Պետական Եւ Սեփական Մարզերուն Միջեւ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդել» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ փոքր հաստատութիւններու վերաբերող աշխատանքային հանդիպումի մը, որ կազմակերպուած էր տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ մրցակցիլ մնայուն կերպով բարգաւաճող համաշխարհային շուկաներուն հետ:
Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց մարդուժ պատրաստել եւ դէպի աշխատանքի շուկայ մուտք գործել, որպէսզի երկրին արդիւնաբերութիւնը բարելաւուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

