Զօր. Քահուաժի. «Պատրաստ Ենք Բոլոր Զոհողութիւնները Մատուցելու` Պահպանելու Համար Լիբանանի Միասնականութիւնը»
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Եարզէի մէջ կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ բանակի զինման հնգեակ համաձայնութիւնը` նախագահութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ այս ծրագիրը կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկն է` զինելու բանակը եւ հզօրացնելու զայն` Լիբանանը ներքին եւ արտաքին հարցերէ պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միասնականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու նպատակով:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են ամէն զոհողութիւն մատուցելու` պահպանելու համար Լիբանանի միասնականութիւնը:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան ամէնէն զգայուն հանգրուանը, եւ բանակը կը գիտակցի Լիբանանի դիմագրաւած վտանգներուն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը մտահոգ է լիբանանեան զինեալ ուժերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներով` նկատի ունենալով, որ այդ ուժերն են, որոնք պատասխանատու են երկրին ապահովական կայունութեան:
Փլամպլի հաստատեց, որ ՄԱԿ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

