Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ Խորհրդարանի Իրադարձութիւններուն

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հետեւեցաւ խորհրդարանին մէջ ընթացող խորհրդակցութիւններուն, որոնց նպատակն էր վաւերացնել ընտրական օրէնք մը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատ այցելեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին, որ բազմաթիւ գործատէրերու եւ ներդրողներու հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ կացութիւնը` նշելով, որ ներդրողները պատրաստակամ են Լիբանանի մէջ աշխատանքներու սկսելու` երկրին քաղաքական եւ ապահովական տագնապին բարելաւումէն ետք:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES