Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Ուրբաթ Երեկոյեան
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան` նկատի ունենալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն Մուսթաքպալի եւ Լիբանանեան ուժերուն կողմէ ներկայացուած խառն ընտրական օրինագիծը եւ անոր շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Հակառակ անոր որ համախոհութիւն գոյացնելու նշոյլները կը մնան տկար, Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին նախագահեց ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:
15 մայիսին որոշուած լիագումար նիստը վերածուեցաւ զանազան պլոքներուն կողմէ գումարուած առանձին նիստերու:
Խորհրդարանին օրը բացուեցաւ Մարտ 14-ի երեսփոխաններուն կողմէ կատարուած մամլոյ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ խառն ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած է 54 առ հարիւր մեծամասնական դրութեան, իսկ 46 առ հարիւր համամասնական դրութեան վրայ:
Այս մամլոյ ասուլիսէն բացակայեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք յանգած են ընտրական խառն օրինագիծի մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն շահերուն կը ծառայէ:
«Մենք յանձնառու ենք սիւննի, տիւրզի, շիի եւ քրիստոնեայ համայնքներուն արդար ներկայացուցչութեան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ այդ օրինագիծը ստորագրեց երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ` Ազգային պայքարի ճակատ պլոքին անունով:
Ապա մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք վերապահութիւններ ունին խառն ընտրական օրինագիծին առնչութեամբ:
Սամի Ժեմայէլ մերժեց գաւառները իրենց ներկայ դրութեան վրայ պահելու եւ փոխարէնը նահանգներուն մէջ խտրութիւն դնելու իրողութիւնը:
Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ պէտք է շարունակել խորհրդակցութիւնները եւ յանգիլ տարբեր օրինագիծի մը:
Այս միջոցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան խստիւ դատապարտեց կարգ մը ուժերու խոստմնադրուժ ըլլալու իրականութիւնը` նկատի ունենալով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին թեր քուէարկելու ոմանց տուած խոստումները:
Զօր. Աուն նշեց, որ այսօր իրենք կրնային քրիստոնեաներուն վերադարձնել անոնց իրաւունքները: «Մենք յոյս ունէինք, որ հակառակորդ կողմերը հասկնային, թէ երկիրը կարելի է պահել միայն արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ: Դժբախտաբար կարգ մը քրիստոնեաներ, որոնք իրաւատէրերն են, զիջած են իրենց իրաւունքներէն` իրականացնելով երկրորդ Թաէֆ մը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին աւելորդաբանութիւնները` նկատել տալով, որ այդ օրինագիծը օրէնքի վերածելու ոչ մէկ յոյս կար:
Ժահժահ մերժեց իրարու դէմ դաւաճանութեան ամբաստանութիւնները եւ կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` շարունակելու ընտրական օրէնք մը գոյացնելու նպատակով բանակցութիւնները:


