«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնը Տակաւին Չէ Սպառած» Կ՛ըսէ Մամետեարով
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Աւստրիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ «Ազրպէյճանը կը կարծէ, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման կարելիութիւնը տակաւին չէ սպառած»:
Մամետեարով նաեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ 56 երկիրներուն կոչ ուղղած է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ձգձգուող տագնապներուն, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին: «Է. Մամետեարով նաեւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է «աշխուժացնել» ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը` կոչ ուղղելով բանակցութիւնները դարձնելու աւելի առարկայական եւ ոչ թէ բանակցելու միայն բանակցելու համար», կը գրէ ԱՓԱ:
ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ժամանակ Մամետեարով նշած է, որ Ազրպէյճան, հաւատարիմ մնալով ԵԱՀԿ-ի առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն, մտադիր է կառոյցէն դիտորդական առաքելութիւն հրաւիրել Ազրպէյճան` յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն հսկելու համար:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նիստին ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարած է, որ իրենք մտադիր են նուազեցնել Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին կարգավիճակը` հասցնելով մինչեւ «նախագիծերու համակարգող»-ի մակարդակի:
Կիրակոսեան Կ՛անդրադառնայ
Մամետեարովի Ելոյթին
14 մայիսին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեան:
Կիրակոսեան անդրադարձաւ Մնայուն խորհուրդին մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի ելոյթին, որուն մէկ հատուածը նուիրուած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ դրական յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան ձեռնպահ մնայ ռազմատենչ յայտարարութիւններէն, ընդունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջարկները եւ իրականացնէ բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Դեսպան Կիրակոսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը կիսէ համանախագահ երկիրներու նախագահներուն բոլոր յայտարարութիւնները եւ կը դիտարկէ հիմնարար սկզբունքները իբրեւ ամբողջութիւն, ուր բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են եւ չեն կրնար իրականացուիլ ընտրովիութեան սկզբունքով:
Իր ելոյթին մէջ Կիրակոսեան նաեւ ընդգծեց տագնապի գօտիին վրայ լարուածութեան աճի անթոյլատրելիութիւնը եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն համապատասխան առաջարկները, որոնց շարքին` արձակազէններու հեռացումը եւ զինադադարի խախտումներու հետաքննման մեքանիզմի ստեղծումը:
Քելլի. «Յառաջընթաց Արձանագրելը
Իսկապէս Անհրաժեշտ Է»
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Եան Քելլի Աւստրիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ժամանակ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը չի կրնար ընդունելի ըլլալ»:
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղուած ջանքերը: «Միացեալ Նահանգները կը կարծեն, որ ձգձգուող տագնապներու լուծման ուղղուած ջանքերը պէտք է մնան ԵԱՀԿ-ի օրակարգին վրայ: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր` Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` խաղաղ լուծման հասնելու համար: Սթաթիւս քոն անընդունելի է, բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելը իսկապէս անհրաժեշտ է», յայտարարած է ան:
Մարտի կէսերուն ի յայտ եկաւ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած էր ԵԱՀԿ-ին եւ առաջարկած նուազեցնել Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի կարգավիճակը` հասցնելով մինչեւ «նախագիծերու համակարգող»-ի մակարդակի: Քելլի անդրադառնալով ազրպէյճանական այդ առաջարկին նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը մեծ ներդրում ունեցած է Ազրպէյճանի մէջ բարեփոխումներու կեանքի կոչման հարցին մէջ. «Միացեալ Նահանգներ դարձեալ կը յայտարարեն, որ կողմ են Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի գործող լիազօրութեան պահպանման եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն` կառուցողական երկխօսութիւն սկսելու այդ հարցը լուծելու համար»:
Ամերիկացի դիւանագէտը Միացեալ Նահանգներու անունով նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ գործիչներու ձերբակալման, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու նկատմամբ ճնշում գործադրելու դէպքերու եւ «Ազատ մտքի համալսարան» կեդրոնը փակելու առնչութեամբ:




