Ռիօ Ֆեռտինանտ Լքեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը

Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, երէկ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆեռտինանտ ըսաւ, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը:

Ան այս որոշումը տուաւ Եւրօ-2012-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ 4 յունիս 2011-ին Անգլիոյ հետ կատարած իր վերջին մրցումէն 2 տարի ետք:

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 34 տարեկան Ֆեռտինանտ այս գծով իր ըսելիքը փոխանցեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսընի:

Share this Article
CATEGORIES