Պրեմըն – Շաֆ` Բաժանում
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Վերտըր Պրեմըն իր կապը խզեց ակումբի մարզիչ Թոմաս Շաֆի հետ, որ 14 տարի մնաց իր այս պաշտօնին վրայ:
Շաֆ, որ Գերմանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն ամէնէն շատ պաշտօնավարած մարզիչն է, այս շաբաթավերջին Նիւրեմպերկի դէմ «Պունտըսլիկա»-ի վերջին մրցումին պիտի չըլլայ իր պաշտօնին վրայ:
52 տարեկան մարզիչը 2004-ին տուպլէ մը իրագործեց իր ակումբին հետ: Ան նաեւ երկու այլ առիթով տիրացաւ Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
«Ռոյթըրզ» եզրափակեց ըսելով, որ վերջին մրցումին օգնական մարզիչներ Վոլֆկանկ Ռոլֆ եւ Մաթիաս Հոյեներպախ պիտի ըլլան Շաֆը փոխարինողները:
CATEGORIES Մարզական

