Եւրոպայի Պատանիներու Ողիմպիական Փառատօնին Պիտի Մասնակցին 3 Հայ Հեծելանւորդներ
PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան արդիւնքներուն հիման վրայ կազմուեցաւ պատանիներու հաւաքականը, որ պիտի պատրաստուի Եւրոպական պատանեկան ողիմպիական փառատօնին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 13-20 յուլիսին` Իւթրեխթի մէջ (Հոլանտա):
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեան ըսաւ, որ Հոլանտա մեկնողները պիտի ըլլան Փաւել Ստեփանեան, Աբէլ Մանուկեան եւ Էտկար Ստեփանեան:
Իսկ երիտասարդներու եւ մեծերու հաւաքականները պիտի պատրաստուին Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 9-13 յուլիսին` Փորթուգալի մէջ (ճամբու) եւ 18 յուլիսին` Չեխիոյ մէջ («Մաութըն Պայք»):
CATEGORIES Մարզական

