Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց Տոհայի մէջ Օմանի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը:
Յառաջիկայ 29 մայիսին տեղի ունենալիք այս մրցումին Լիբանանի կազմը (22 մարզիկ) շուտով պիտի յայտարարէ մարզիչ Թէօ Պոքըր:
Որոշուեցաւ, որ մարզիչ Տորի Զախխուր մեկնի Մալեզիա` ներկայ գտնուելու համար 13-16 յունիսին տեղի ունենալիք ֆութսալի մարզիչներու յատուկ մէկ հանդիպում-հաւաքին, որ կազմակերպուած է Միջազգային եւ Ասիոյ ֆետերասիոններուն կողմէ:
Ֆետերասիոնը կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, կազմուած` Մահմուտ Ռըպաայէ, Ասաատ Սըպլինիէ, Սայիտ Ապտել Խալեքէ, Ահմետ Ֆըրտաուսէ, Հիւսէյն Տիլաթիէ եւ Պատիհ Անքայէ: Յանձնախումբը պիտի սկսի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր շրջաններուն ախոյեանութեան:
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի վաւերացուած մրցումներուն, 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուելէ բացի, Սալամ Սուրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ չներկայացած Խըյուլէն խլուեցաւ 6 կէտ եւ անիկա տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Սուր – Թատամոն Սուր 3:30 Սուր
Ռասինկ – Թրիփոլի 3:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՄԱՅԻՍ
Ախա Ալէյ – Նըժմէ 3:30 Պհամտուն
Իժթիմահի – Շապապ Ղազիէ 3:30 Թրիփոլի
Սաֆա – Ահտ 3:30 Սայտա
Անսար – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ

