Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պէտք ունիք ձեր զգացումները արտայայտելու, մանաւանդ եթէ ձեզմով հետաքրքրուող չկայ: Ամօթ չէ նման հարցերու մասին խօսիլը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք մտահոգութիւն մը, որուն մասին կը դժուարանաք խօսելու: Ի՛նչ ալ ըլլայ օրուան հարցը, պէտք է անպայման խօսիք այդ հարցին մասին եւ կամ անձնապէս գործի պիտի անցնիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինքնաշարժով պտոյտ մը կամ գործի բերումով տեղափոխութիւն մը պիտի ունենաք: Պատրաստ էք օրուան աշխատանքները կատարելու սիրով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ օրուան ընթացքին, աշխատանքի պահուն ձեր վարպետը կամ տնօրէնը ջղային վիճակ մը ունենայ, ատոր պատճառը դուք չէք: Լուռ մնացէք, որպէսզի անոր տրամադրութիւնը բարելաւուի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լուծուելիք խնդիրներ կամ հարցեր ունիք այսօր, բայց պիտի կարենաք իւրաքանչիւր խնդրի լուծումը գտնել դիւրութեամբ եւ օրը անցընել խաղաղ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրիշներու առողջութեամբ կամ հիւանդութեամբ մի՛ հետաքրքրուիք կամ մի՛ մտահոգուիք: Դուք ձեզմով զբաղեցէք առանց մտահոգուելու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի հարազատ անձի մը հետ զրուցելու պահուն եղէք անկեղծ, առանց բառերը ծամելու եւ անկիւններ դառնալու: Անկեղծութիւնը կը հարթէ եւ կը լուծէ թիւրիմացութիւնը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը լաւ կը կատարէք, բայց աւելորդ պատասխանատուութիւն մի՛ ստանձնէք: Մնացէք չափաւորութեան սահմանին մէջ: Այսպիսով կրնաք հանդարտ ստեղծագործել:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ուրախութիւնը եւ ձեր մտադրութիւնը յայտնեցէք ձեր բարեկամին կամ հարազատին: Եթէ ճամբորդութեան հարց մը ունիք, կատարեցէք միասնաբար: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ծխամոլ էք, կը մտածէք դադրեցնելու մասին: Եթէ դժուարութիւն ունենաք այս կապակցութեամբ, դիմեցէք օգնութեանը փորձառուներու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներու ոչինչ հարցուցէք ձեր ընելիքին մասին: Ձեր անկախութիւնը օգտագործեցէք, ձեր գիտելիքները բաւարար են ձեզ առաջնորդելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գործի պարագային ունիք պատրաստելիք կամ դասաւորելիք թղթածրար մը, ուշադրութեամբ կարգադրեցէք, առանց հապճեպ որոշումներու: Այս ընելով` շատ գոհ պիտի մնաք, ձեր վրայէն բեռ մը վար պիտի առնէք:

Share this Article
CATEGORIES