50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1963)
Լիբանանահայ Միջվարժարանային
Գեղարուեստական Ցուցահանդէս
Բարեհաճ արտօնութեամբ լիբանանահայ կրթական մարմիններու, հայ դպրոցներու գծագրութեան ուսուցիչները առաջին անգամ ըլլալով գովելի գաղափարը ունեցան կազմակերպելու գեղարուեստական ցուցահանդէս մը, նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթական եւ գեղարուեստից նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆուատ Սաւայայի եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ նախակրթարաններու, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներուն:
Հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 8 մայիս 1963, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի հանդիսասրահին մէջ, արձանագրելով մեծ յաջողութիւն:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 23, ամէն օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 8 եւ կիրակի օր` ժամը 10:30-էն 8:
Զարմանք պատճառելու չափ անակնկալի մը առջեւ կը գտնուի այցելողը` դիտելով մեր աշակերտներուն, հայ ստեղծագործ ու տաղանդաւոր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներուն սքանչելի գործերը:
Գեղեցկօրէն դասաւորուած եւ տպաւորիչ գրաւչութեամբ, ճոխ ու այլազան են ցուցադրութեան դրուած գործերը: Իւղաներկի եւ ջրաներկի նկարներ, մանրանկարներ, արձանագործութիւն, քանդակագործութիւն, խճանկարի գործեր եւլն. եւլն.:
435 աշակերտներ մասնակցած են ցուցահանդէսին` 450 ստեղծագործութիւններով:
Քննիչ յանձնախումբ մը, կազմուած ծանօթ արուեստագէտներէ` Ռաշիտ Ուահպէ, Օննիկ Աւետիսեան, Ժոզեֆ Ապու Ռըզք, Տիրան Աճեմեան եւ Էլի Քանտան, արդէն իսկ իր գնահատանքի վճիռը արձակած է ու մրցանակներու արժանացուցած առաւելաբար այն ստեղծագործութիւնները, որոնք ինքնատիպ են:
Գեղեցիկին ըմբռնումը դաստիարակելու ձգտումով, մրցանակներու արժանացած գործերը գնահատելով հանդերձ, քննիչ յանձնախումբի երկու յարգելի հայ անդամները նկատի պէտք է առնէին, որ Լիբանանի 67 հայ վարժարաններէն միայն 20-ը մասնակցած են մրցումին: Մէկ մասը` միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններ, որոնք առաւել հնարաւորութիւններ ունին գեղարուեստը դասաւանդելու: Մինչդեռ առաւելաբար նախակրթարաններէ բաղկացած մեր դպրոցներէն անոնք, որոնք մասնակցած էին այս ցուցահանդէսին, ինքնին գնահատանքի արժանի են եւ արժէր, որ մրցանակ մը տրուէր, օրինակ, Կիլիկեան վարժարանին:
Լաւին ու կատարեալին ձգտելու մրցակցութիւնը անկասկած պիտի զարգացնէ գեղարուեստի ըմբռնումը մեր աշակերտութեան մէջ` կարելիութիւններ ստեղծելով անոնցմէ ոմանց տեղ մը հասնելու:
Մասնաւոր գնահատանքի արժանի է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աշակերտութիւնը, որ 16-ի վրայ 11 մրցանակներու արժանացած է: Յովակիմեան-Մանուկեանի, Հայ սքուլի, Երուանդ Տեմիրճեանի, Դարուհի Յակոբեանի, Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտները նմանապէս մրցանակներու արժանացած են:
Գնահատանքի մասնաւոր յիշատակութեան արժանի են վարիչ յանձնախումբի անդամները Սահակ վրդ. Քէշիշեան, Անդրանիկ Ղուպիկեան, Ժորժ Կիւվերճինեան, Րաֆֆի Քերթենեան եւ Վազգէն Թիւթիւնճեան:
ՀՐԱԶԴԱՆ

