«Գեղարուեստական Երկեր» Հատոր Ա. Եւ Բ. (Հեղինակ` Գէորգ Աճեմեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Սփիւռքահայ արձակագիր, քննադատ եւ խմբագիր Գէորգ Աճեմեան ծնած է 1932-ին հիւսիսային Սուրիոյ Մումպուճ գիւղաքաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնեան վարժարաններուն մէջ, ապա յաճախած է Ալեփփօ ամերիկեան քոլեճ, զոր աւարտած է 1948-ին: Իսկ 1954-1958 կրթական տարիներուն հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն:
Քանի մը տարի աւանդած է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներ Պէյրութի երկրորդական վարժարաններու եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ:
Պէյրութի մէջ հիմնած է «Help» գրատունը եւ իբրեւ խմբագիր` աշխատակցած է լիբանանեան անգլիատառ «The Daily Star» օրաթերթին:
Եղած է մնայուն աշխատակիցը Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, որուն խմբագրութիւնը վարած է 1975-1988 թուականներուն:
Վաղ տարիքին աշխատակցած է Հալէպի «Գրասէր» խմորատիպ թերթին, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին, «Շիրակ» եւ «Բագին» պարբերականներուն:
1976 թուականէն սկսեալ ապրած է թէ՛ Լիոնի եւ թէ՛ Պէյրութի մէջ: Մահացած է Լիոն, 1998 թուին:
Գէորգ Աճեմեան ունեցած է շուրջ յիսուն տարուան գրական բեղուն գործունէութիւն, որուն ընթացքին լոյս ընծայած է բազմաթիւ արձակ երկեր: Իր մահէն ետք սոյն գործերը վերահրատարակուեցան Երեւանի մէջ, «Գեղարուեստական երկեր» խորագրեալ զոյգ հատորներով, «Սփիւռք» գիտաուսումնական Կենտրոն, Երեւան, «Գասպրինտ» հրատարակութեան կողմէ, 2012-ին, նախաձեռնութեամբ իր հարազատներուն: Սոյն հատորներուն առաջինը կը բաղկանայ 560 էջերէ, իսկ երկրորդը` 648:
Գէորգ Աճեմեան հանրածանօթ անուն է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իբրեւ արձակագիր, գրական քննադատ եւ խմբագիր: Գրած է պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր եւ քննադատական յօդուածներ սփիւռքահայ պարբերական մամուլին մէջ:
Պատմուածքներու շարքին կը դասուին հետեւեալ գործերը. «Անկարելի պատմութիւն», (1956), «Օրերէն ետք», (1958) եւ «Անապահովութեան փողոցներ», (Պէյրութ, 1964 ու Երեւան, 1968):
Վիպակներու մաս կը կազմեն «Ապագայի հետքերով», (1982) ու «Սիրային մեղեդիներ», (2005) խորագրեալ երկերը:
Իսկ վէպերը կը ներկայանան հետեւեալ խորագիրներով. «Անորոշութեամբ եւ մասամբ նորին», (1959), «Ակամայ ծաղրածուն եւ այլ դերասաններ», (1968), «Յաւերժական ճանապարհ», (1975) եւ «Յարդգողի ժառանգորդները», (1983):
Վերոյիշեալ գործերէն զատ, Աճէմեան հրատարակած է նաեւ ընկերային, քննադատական եւ վերլուծական բնոյթ կրող հետեւեալ երկերը. «Պիտի չարչարեմ բառերը», (Խոհեր, 1967), «Տեսական-քննադատական փորձեր», Գիրք Ա. (1962) եւ գիրք Բ. (1980), «Միակ լուծումը» (Խոհեր, 1972), «Քաղաքական իրապաշտութի՞ւն, թէ անձնատուութեան պատրաստակամութիւն», (Խոհեր եւ վերլուծումներ- 1992), «Պիտի յիշե՞նք երբեւիցէ Արեւմտեան Հայաստանը», (վերլուծումներ, 1998) եւ «Խօսք ճանապարհի», (յօդուածներ, 1999):
Գէորգ Աճեմեան գրած է նաեւ անգլերէն լեզուով հետեւեալ երկերը. «Symphony in Discord», («Աններդաշնակ համանուագ», վէպ, 1961), «The Fallacy of Modern Politics», («Արդի քաղաքականութեան պատրանքը», 1986) եւ «A Time for Terror», («Ահաբեկչութեան ժամանակը», վէպ, 1997):
«Գեղարուեստական երկեր» խորագրեալ հատորներուն յառաջաբանը գրած է հայրենի գրական քննադատ եւ խմբագիր Սուրէն Դանիէլեան:
Յիշեալ գործերով հեղինակը գրական հարուստ ժառանգութիւն մը ձգած ըլլալու գոհունակութեամբ հեռացաւ աշխարհէն:
Երկար տարիներ Աճեմեան ապրեցաւ ստեղծագործական մթնոլորտի մէջ, ուր երազեց եւ տագնապեցաւ գեղապաշտական ապրումներ կենսագործելու ցանկութեամբ: Այս յղացքով, չմնաց ներփակուած վերացական ոլորտներու մէջ, այլ ապրեցաւ ընկերային լայն շրջանակներու մէջ, ուր վայելեց մտերմութիւնը իմացական ձգտումներու, հետամուտ երիտասարդ մտաւորականներու եւ գրագէտներու: Եղաւ ունկնդիր գրագէտի իր ներքին ձայնին ու նաեւ հաւատարիմ` իր գրական բնատուր կոչումին:
Ապրեցաւ ժողովուրդին հետ ու եղաւ բաժնեկից անոր ցաւերուն: Մօտէն շահագրգռուելով շրջապատի համեստ մարդոց տագնապներով` մշակեց հարազատ գոյներով պատկերացուած իրապաշտ գրականութիւն մը:
Այս իւրայատկութեամբ, Գէորգ Աճեմեան կերտեց կենդանի կերպարներ, որոնց միջոցով երգեց սէրն ու վիշտը, հրճուանքն ու թախիծը, ունեւորութիւնն ու թշուառութիւնը, խաղաղութիւնն ու պայքարը, որոնք կազմեցին գործօն տարրերը իր վիպական երկերուն:
Պէտք է ըսել, թէ հեղինակը ունի մաքուր եւ անսեթեւեթ լեզու: Իր գործերուն մէջ չենք հանդիպիր անծանօթ բառերու: Իւրաքանչիւր պատմուածք կամ վէպ, ինչ նիւթ որ ալ ընդգրկէ, կը փոխանցէ ընթերցողին ընկերային իմացական կամ ազգային երեւոյթներու շուրջ ուշագրաւ ծանօթութիւն:
Յանդգնութիւնը կը կազմէ հիմնական յատկանիշը Գէորգ Աճեմեանի գրական խառնուածքին, զոր ան ժառանգած է Սասնոյ լեռներուն վրայ դարաւոր Ոսոխին դէմ մաքառած քաջարի հայդուկներէն…
Ապրիլ 2013
Պէյրութ