Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Ատրպատական Եւ Թաւրիզ` Թաւալող Հարուստ Պատմութիւն Մը (Ա.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը ամիսներուն իմ համացանցային նամակատուփին մէջ շատ հաճելի ներկայութիւն մը եղաւ Թաւրիզի «Արտազ» ամսագիրը, պաշտօնաթերթը` Ատրպատականի հայոց թեմին:
Հայ մամուլի նորագոյն անուն մը չէ «Արտազ»-ը: Ըստ երեւոյթին, ան կը հրատարակուի 2006-էն ի վեր, քանի ընթացիկ տարուան անոր առաջին թիւերը կը նշեն, որ թերթը թեւակոխեր է արդէն իր ութերորդ տարին:
Համացանցային թղթատարութիւնը, ահաւասիկ, իր պէսպիսուն բարիքներով կ՛ողողէ մեզ: Մեր տան տաքուկ մէկ անկիւնը նստած` համակարգիչի պաստառին վրայ կրնանք կարդալ սփիւռքեան ու հայաստանեան բազմաթիւ հայատառ թերթեր, կը բաւէ, որ մուտք գործենք այդ թերթերու պաշտօնական կայքէջերը: Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուիք, քանի մը կոճակներու հպումով համացանցը ձեր առջեւ կը փռէ Պէյրութի «Ազդակ»-ը, «Զարթօնք»-ն ու «Արծիւ»-ը, Թեհրանի «Ալիք»-ը, Պոլսոյ «Մարմարա»-ն ու Հալէպի «Գանձասար»-ը, Աթէնքի «Ազատ Օր»-ն ու Մոնրէալի «Հորիզոն»-ը, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ն ու Պոսթընի «Հայրենիք»-ը, Երեւանի «Ազգ»-ն ու Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ»-ը…:
Ի տարբերութիւն վերոնշեալ իր երէց պաշտօնակիցներուն` «Արտազ» առանձին կայքէջ չունի առայժմ, ուստի հասանելի չէ ամէն հայ ընթերցողի: Անոր համացանցային տարբերակը կը ղրկուի արտասահմանեան բուռ մը հասցէներու եւ հետաքրքրուողներու (դիմել` [email protected]):
Ամսէ ամիս կանոնաւորաբար լոյսին բերուող հետաքրքրական հրատարակութիւն մըն է «Արտազ», որ ամենայն հաւանականութեամբ ներկայիս կը խմբագրուի թեմին նորընտիր առաջնորդ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ ու մտաւորական-գրագէտ միաբաններէն, բարոյախօսական հանրամատչելի տասնեակ գիրքերու հեղինակ Գրիգոր ծ. վրդ. ՉիՖթճեանի կողմէ:
«Արտազ»-ի վերջին քանի մը թիւերուն ընթերցումը ինքնաբերաբար մեզ առաւ-տարաւ դէպի հայոց պատմութեան գիրկը, դէպի Ատրպատական ու Թաւրիզ, մեր երեւակայութեան մէջ վերակենդանացնելով ինչ-ինչ դէմքեր ու դէպքեր, որոնք կ՛առնչուին այժմու Իրանի հիւսիսային այս տարածքին, որ միաժամանակ սահմանամերձ գօտին է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային շրջաններուն` Զանգեզուրին…
Քիչ Մը Պատմութիւն
Թաւրիզը պիտի դարձնենք մեր կիզակէտը. բայց նախ եկէք զուարթախօսութեամբ սկսինք` վերարտադրելով մանրավէպ մը, զոր Թէոդիկ զետեղեր էր իր տարեցոյցերէն մէկուն մէջ.
– Ամերիկա մեկնող հսկայ շոգենաւու մը մէջ պարսիկ ճամբորդ մը իր հայ ընկերոջ կ՛ըսէ.«Կը տեսնե՞ս սա նաւուն կաթսան. մեր Դաւրէժ քաղաքը բուսաբանութիւնն ա՛յն աստիճան յառաջացած է, որ ասոր մեծութեամբ կաղամբներ կը հասնին»: Հայը. «Մեր Վանայ մէջ ալ արուեստն ա՛յն աստիճան յառաջացած է, որ սա նաւուն մեծութեամբ կաթսաներ կը պատրաստուին»: Պարսիկը.- «Ինչի՞ կը ծառայեն այդչափ խոշոր կաթսաները»: Հայը. «Դաւրէժի մէջ ձեր հասցուցած կաղամբներն անոնց մէջը եփելու…»:
Դաւրէժը նոյն Թաւրիզն է, անշուշտ, գորգագործութեան աշխարհահռչակ ոստանը ու Պարսկաստանի երբեմնի մայրաքաղաքներէն մին, որ դար մը առաջ ունէր 200 հազար բնակիչ, մինչ ըստ նորագոյն տուեալներու, հիմա արդէն ունի երկու միլիոնի մօտեցող բնակչութիւն մը, գերակշռող մեծամասնութիւնը` ազերիներ:
Թաւրիզ կեդրոնական քաղաքն է այժմու Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնան` Ահար, Մարանդ, Մարաղա, Սարապ, ՋուլՖա քաղաքները: Իսկ Արեւմտեան Ատրպատական նահանգին վարչական կեդրոնն է Ուրմիան, միւս քաղաքները` Մակուն, Խոյը , Սալմաստը, Միանդուաբը, Մեհապատը եւ այլն:
Բայց մեզ հետաքրքրողը հակակա՛ն Թաւրիզն է, ծննդավայրը` բանաստեղծ եղբայրներ Գեղամ Սարեանի (1902-1976) ու Արամ Գառօնէի (1905-1974), պատմավիպագիր Յովհաննէս Ղուկասեանի (1919-1991), վաստակաշատ հրապարակագիր Յ. Էլմարի (Յովսէփ Յովհաննիսեան, 1881-1975), երգահան ու խմբավար Համբարձում Գրիգորեանի (1894-1976) եւ նմանօրինակ մտաւորական անհաշուելի դէմքերու: Աւելի լայն շրջագիծով` մեզ հետաքրքրողը հայկակա՛ն Ատրպատականն է: Ու եթէ փորձենք քրքրել անոր պատմութիւնը, ատիկա մեզ անխուսափելիօրէն պիտի տանի հեռո՜ւ-հեռաւոր դարաշրջաններ:
Խորհ. Հայաստանէն ժառանգ մնացած «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ը, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»-ը (Ա. հատոր, Երեւան, 1986), Ատրպատականի մասին տուած են բաւական առատ տեղեկութիւններ: Կ՛ըսուի, թէ պարսկական այս երկրամասը կ՛իյնայ Կասպից ծովուն եւ Ուրմիոյ լիճին միջեւ, շուրջ 100 հազար քառ. քմ. տարածութեամբ: Ն.Ք. 7-6-րդ դարերուն մաս կազմեր է Մարաստանին, աւելի ուշ` անոր փոխարինող Աքեմէնեան Պարսկաստանին: Ա.-Գ. դարերուն կցուեր է Արշակունեաց Հայաստանին` կոչուելով Մարաց գաւառ: 252-ին նուաճուեր է զրադաշտական Սասանեան Պարսկաստանի կողմէ, որ ժամանակի ընթացքին զայն վերածեր է վարչական կեդրոնի մը, ուրկէ պիտի ղեկավարուէին թէ՛ մարզպանական Հայաստանը, թէ՛ ալ դրացի Վրաստանն ու Աղուանքը:
Սասանեաններու տէրութեան անկումէն ետք, Է. դարու կէսերուն, Ատրպատական ինկեր է մահմետական արաբներու ձեռքը: Մենք հայոց պատմութեան դասագիրքերէն սորված ենք, թէ Թ. դարու վերջերը կամ Ժ. դարու սկիզբները նորահաստատ Բագրատունեաց թագաւորութեան արքաները որքա՜ն տառապեր էին դրացի Ատրպատականի արաբ կառավարիչներուն, ի մասնաւորի` անկուշտ Ափշինի եւ արիւնկզակ ԵուսուՖի ոտնձգութիւններէն, եւ թէ` Հայաստան որքա՜ն աւերներու ու սովի ենթարկուեր էր անոնց ձեռամբ: Սմբատ Ա. թագաւորին խժդուժ նահատակութիւնն ու գլխատումը (914 թ.) ամէնէն ցնցիչ դէպքերէն մէկն է այդ շրջանի պատմութեան: Այդ ժամանակաշրջանի ականատես պատմիչը` Յովհաննէս Դրասխանակերտցի թափառական հայրապետը արիւնով ու արցունքով գրուած էջեր կտակեր է մեզի` իբրեւ հաւաստի վկայութիւն: «Ատրպատական» անունը այդ տարիներուն սարսափ ու սոսկում պատճառեր է մէն մի հայու…
Պատմութիւնը շարունակուեր է բոլորիս ծանօթ գնացքով: Եկեր են սելճուքները, յետոյ` մոնկոլներն ու թաթարները, գարաքոյունլուներն ու ագքոյունլուները: Իսկ ԺԶ. դարէն սկսեալ` Ատրպատական հիմնականօրէն վերադարձեր է Իրանի գիրկը, թէեւ ԺԸ. դարու կէսերէն մինչեւ դար մը ամբողջ նահանգին մէջ տիրապետող եղած են քրտական ու թրքական ցեղեր ալ:
Վերոնշեալ գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններուն, սակայն, Ատրպատականի հայութեան գլխէն անպակաս եղեր են պատուհասները: Աւելի մերձաւոր ժամանակներու ակնարկելով` հանրագիտարանը կը գրէ.- «1828-ի Թուրքմենչայի պայմանագրից յետոյ (ընդմէջ` ցարական Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի –Լ.Շ.) Ատրպատականի հայաբնակ Մակու, Սալմաստ, Խոյ, Ուրմիա, Ղարատաղ եւ այլ գաւառներից, ինչպէս նաեւ Արտաբիլ, Թաւրիզ եւ այլ քաղաքներից մօտ 8250 տուն հայ գաղթեց Ռուսաստանին անցած Արեւելեան Հայաստան: Այնուհետեւ քրտական եւ թուրքական ցեղերն անարգել իւրացրին հայալքուած պատմական Պարսկահայքը, Պարսպատունիքը եւ Վասպուրականի արեւելեան նահանգները» (տե՛ս Ա. հատոր, էջ 664):
Հայոց պատմութեան քիչ-շատ ծանօթ մեր ընթերցողները գիտեն, որ պատմական Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն մին կը կոչուէր Պարսկահայք: Եթէ սերտենք քարտէսները, պիտի ստուգենք, որ այս նահանգը կը գրաւէր Ուրմիոյ լիճին ամբողջ արեւմտեան ափամերձ շրջանը` սահմանակից ըլլալով Վասպուրականին ու Կորճայքին: Ունեցած է 9 գաւառներ, որոնցմէ Հերն ու Զարեւանդը շատ լսուած անուններ են մեր հին մատենագրութեան մէջ, մասնաւորաբար` Ե. դարու «հաւատոյ եւ հայրենեաց» պատերազմներուն կապակցաբար: Այս ծայրամասային գաւառները էական ու կարեւոր դեր կատարած են Պարսկաստանի հետ մեր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ` իբրեւ սահմանագլուխը պաշտպանող գաւառներ:
Կարելի է ըսել, որ Պարսկահայքը աշխարհագրականօրէն ու մակերեւոյթով ուղղակի ընդելուզուած էր Ատրպատականին հետ: Երբեմնի Պարսկահայք գաւառի պատմական տարածքը այսօր Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգն է արդէն: Օրինակ, վերեւ յիշատակուած Հեր գաւառը կը համապատասխանէ նոր ժամանակներու Խոյ գաւառին, իսկ Զարեւանդը այսօրուան Սալմաստի շրջանն է: Հերի մէջ կը գտնուէր համբաւաւոր Նուարսակ գիւղը, ուր 484-ին Վահան Մամիկոնեան պարսիկներուն հետ ստորագրեց նշանաւոր յաղթական դաշնագիրը:
[email protected]
Հալէպ
(Շար. 1)


